Խաղողօրհնէքի Արարողութիւն՝ Հալէպի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներուն Մէջ
Կիրակի, 5 Օգոստոս 2018-ին, Հալէպի Ս.Աստուածածին եւ Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւն:
Հայ Ծերանոցի մատրան մէջ եւս տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք:
Թող խաղողի օրհնութեամբ հունձքերը առատանան եւ բոյսերն ու տունկերը անփորձանք մնան:
Այս օրհնաբեր առիթով Հայ եկեղեցւոյ պայծառութիւն կը մաղթենք:
«Գանձասար»
