Սահմանապահ Մովսէս Գիւղի Աշակերտները Ռոպոթաշինութեամբ Պիտի Զբաղին
«Ստեփան Գիշեան» բարեգործական հիմնադրամի աջակցութեամբ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Մովսէս գիւղի աշակերտները այսուհետեւ պիտի կարենան մարդ-մեքենաներ (robots) պատրաստել, իրականացնել եռաչափ (3D) ձեւաւորում:
Սահմանապահ Մովսէս գիւղին մէջ երկու տարի առաջ Առաջատար արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան (ԱՏՄՁ) կողմէ ստեղծուած «Արմաթ» տարրալուծարանին մէջ հայկական «Աղուէս» եւ «Կրիայ» ծրագիրներով միջնակարգ դպրոցի աշակերտները կը սորվին ծրագրաւորում, բայց մարդ-մեքենայ դեռ չեն կրցած պատրաստել, քանի որ համապատասխան սարքեր չեն ունեցած, այժմ տարրալուծարանին մէջ ստացած գիտելիքները եւ հմտութիւնները պիտի օգտագործեն մարդ-մեքենաներ կառավարելու համար:
«Մովսէսը սահմանապահ գիւղ է, եւ այս ծրագիրը նաեւ կարեւոր է այն բանի համար, որ դպրոցի աշակերտները կրթութիւն ստանալով, հնարաւորութիւն պիտի ունենան տեղւոյն վրայ գումար վաստակելու, եւ ատիկա նաեւ պիտի նպաստէ, որպէսզի արտագաղթը կանխուի: Երեխաները ծրագիրը, ԱՏՄՁի աջակցութեամբ, մեզի ներկայացուցած են իրենց մարզանքի ուսուցիչին հետ. երբ կը տեսնես երեխաներուն այդպիսի ոգեւորութիւնը, ուղղակի չես կրնար չաջակցիլ», իր խօսքին մէջ նշած է «Ստեփան Գիշեան» բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Աննա Գիշեան:
«Երեխաները եռաչափ ձեւաւորում պիտի իրականացնեն Գորիսի մէջ արտադրուած «Բզէզ» եռաչափ տպիչով, պիտի աշխատին հիմնականօրէն Հայաստանի մէջ արտադրուած սարքաւորումներով. այսպիսով մենք երեխաներուն կ՛ուզենք ցոյց տալ, որ Հայաստանի մէջ յաջողութեան օրինակներ շատ կան, որ ձեր նման երեխաները ստացած են գիտելիքներ եւ կրցած են արտադրել այսպիսի սարքաւորումներ, այսինքն` դուք ալ կրնաք», իր խօսքին մէջ նշած է ԱՏՁՄ ճարտարագիտական տարրալուծարաններու ծրագրի համակարգող Սեդրակ Վարդանեան:
«Ստեփան Գիշեան» բարեգործական հիմնադրամը 2015ին ստեղծուած է ACBA-Credit Agricole դրամատան, ֆրանսական Credit Agricoleի, Credit Agricole Ազգային ընկերակցութեան եւ Գիշեան ընտանիքին կողմէ:
