Գործարարներու Սեփականութիւնը Պիտի Ունենայ Բարձր Պաշտպանութիւն

Հայաստան

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի դիմումով՝ Սահմանադրական դատարանը վերջերս հակասահմանադրական ճանչցած է Կառավարութեան 2017 Հոկտեմբեր 5-ի N 1373-Ն որոշումով սահմանուող շարք մը դրոյթներ։

ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ դիմումին մէջ Պաշտպանի աշխատակազմը մանրամասն վերլուծած է, որ ՀՀ հարկային օրէնսգիրքը, սահմանելով շահութահարկի որոշման եւ վճարման կարգաւորումները, բաւականաչափ յստակօրէն չ՝ամրագրեր այնտեղ օգտագործուող որոշ եզրոյթներ: Իբրեւ արդիւնք՝ այդ եզրոյթները կը սահմանուին առաւել ցած իրաւաբանական ուժ ունեցող իրաւական ակտով՝ Կառավարութեան որոշումով: Ի դէպ՝ օրէնքը չի նախատեսեր այնտեղ կիրառուած եզրոյթներուն բացայայտումը Կառավարութեան որոշումով՝ հակասութիւններ յառաջացնելով որոշակիութեան սկզբունքի հետ: Միեւնոյն ժամանակ պարզուած է, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ խնդիր կ՝առաջանայ գործարար կազմակերպութեան սեփականութեան իրաւունքի իրացման՝ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած երաշխիքներու տեսանկիւնէն:

Հաշուի առնելով դիմումով բարձրացուած խնդիրը՝ Սահմանադրական դատարանը գտած է (ՍԴՈ-1436 որոշում), որ վիճարկուող կարգաւորումներուն իբրեւ արդիւնք ոչ իրաւաչափ կերպով միջամտութիւն տեղի կ՝ունենայ սեփականութեան իրաւունքին։ Նշուած է նաեւ, որ հարկի բովանդա­կութիւնը եւ հարկային պարտաւորութեան ծաւալները պէտք է սահմանուին օրէնքով, իսկ իւրաքանչիւր յստակ պարագայի հարկային պարտաւորութիւնը պիտի համարուի օրէնքին համապատաս­խան սահմանուած, եթէ ոչ միայն զուտ ձեւական առումով անիկա ամրագրուի օրէնքով, այլեւ անոր բովանդակութիւնը կազմող տարրերը իրենց ամբողջական արտացո­լումը գտնեն օրէնքի մէջ:

Սահմանադրական դատարանը արձանա­գրած է նաեւ, որ շահութահարկ վճարողներու համար հարկուող շահոյթը համախառն եկամուտի եւ նուազեցումներու դրական տարբերութիւնն է, ի դէպ, եթէ համա­խառն եկամուտէն կը նուազեցուին ձեռնարկատիրական ծախսերը, կորուստները եւ այլ նուազեցումները, իսկ հարկուող շահոյթը որոշելու համար հաշուի կ՝առնուին եկա­մուտները եւ ծախսերը, ուստի «եկամուտ չհամարուող տարրերը» եւ «ծախս չհամար­ուող տարրերը» չեն հաշուառուիր եւ չեն արտացոլուիր հարկային մարմին ներկա­յաց­ուող շահութահարկի հաշուարկներուն մէջ։

Միեւնոյն ժամանակ, սահմա­նա­­դրու­թեան հա­­կասող ճանչցուված դրոյթներուն ուժը կորսնցնե­լու վերջնաժամկէտ սահ­մա­նուած է 2019 Մայիս 1-ը՝ հնա­րա­վորութիւն տալով Ազգային ժողո­վին Հայաստանի Հանրապետութեան հարկա­յին օրէնսգիրքի իրաւա­կար­գաւորումները համապատաս­խա­­նեց­նե­լու սոյն որոշման պահանջներուն՝ խուսափելու համար պետութեան կամ հանրութեան համար այնպիսի ծանր հետեւանքներու յառաջացումէն, որոնք պիտի խաթարեն այդ պահուն տուեալ օրինաչափական իրաւական ակտի վերացումով հաստատուելիք իրաւական անվտանգութիւնը: