Արցախի Հարցը Միջազգային Օրակարգի Վրայ Պահելու Անհրաժեշտութիւնը
Սեպտեմբեր 28-ին, Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ (Երեւան), տեղի ունեցած է աշխատանքային հանդիպում Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի, գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու միջեւ։ Հանդիպման ներկայ եղած են նաև Արցախի պետական նախարարը եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը։
Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունցը կարեւոր համարած է Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ծաւալած աշխատանքը։ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան իր հերթին ընդգծած է, որ Արցախի հիմնախնդիրը կը շարունակէ մնալ կառոյցի գործունէութեան առանցքին մէջ, եւ այդ ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքները կը կրեն երկարաժամկէտ ու անփոփոխ բնոյթ։ Ան նաեւ մատնանշած է Արցախի պետական կառոյցներու պահպանման անհրաժեշտութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը մանրամասն քննարկած են միջազգային հարթակներու վրայ Արցախի հարցի արծարծման ռազմավարութիւնը ու մատնանշած հետեւեալ թիրախային ուղղութիւնները.
Հաւաքական վերադարձի իրաւունք. Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութիւն, ներառեալ՝ միջազգային յուսալի երաշխիքներու առկայութեամբ հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իրացում։
Գերիներու ազատ արձակում. ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու եւ պատանդներու շուտափոյթ ազատ արձակման հարցի առաջմղում։
Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն. Արցախի մշակութային ու պատմական ժառանգութեան պահպանութիւն եւ ազրպէյճանի կողմէ հայկական հետքի ոչնչացման քաղաքականութեան հակազդում։
Հասարակական-կրթական աջակցութիւն. Բռնի տեղահանուած արցախցիներուն կենցաղային, հասարակական եւ կրթական աջակցութեան ցուցաբերման մեքենականութիւններու ընդլայնում։
Քննարկման աւարտին կողմերը կարեւոր նկատած են համատեղ ջանքերու շարունակականութիւնն ու փոխգործակցութիւնը։ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր-Գէորգեան վերահաստատած է Արցախի իշխանութիւններուն դերակատարութիւնը եւ ընդգծած նմանօրինակ հանդիպումներու նշանակութիւնը՝ յառաջիկայ աշխատանքները առաւել արդիւնաւէտ համակարգելու գործին մէջ։
