«Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան»․ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Շաբաթ, 29 Օգոստոս 2026-ին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ “One World: One Humanity” («Մէկ աշխարհ՝ մէկ մարդկութիւն») միջ-կրօնական համագումարը, կազմակերպութեամբ Կրօնական Ղեկավարներու Համաշխարհային Խորհուրդին, որուն հրաւիրուած էր որպէս հիւր դասախօս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը։

Նորին Սրբութիւնը չկարենալով մասնակցիլ այս համագումարին, իր պատգամը ղրկած էր, զոր ընթերցեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան։ Նախքան հայրապետական պատգամի ընթերցումը սրբազան հայրը ըսաւ. «Կ՚ուզեմ այս պատկառելի ժողովի մասնակիցներուն հաղորդել ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները։ Ան իր պարգամը կ՚ուղարկէ աստուածաշնչական մայրիներու երկիր՝ Լիբանանէն, որ վերջին կէս դարուն շարունակաբար կ՚արիւնի քաղաքական եւ ռազմական հակամարտութիւններու պատճառով, բայց, փիւնիկի նման, մոխիրներէն յարութիւն կ՚առնէ խաղաղութեան եւ արդարութեան յոյսով»։

Խորհուրդի հիմնադիր դոկտ. Պաուա Ճէյն, Երեքշաբթի, 1 Սեպտեմբերին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց իր յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնելու համար Նորին Սրբութեան։ Ան ջատագովը ըլլալով համաշխարհային խաղաղութեան, իր պաշտօնի բերմամբ այցելած է համարեայ բոլոր երկիրներու կրօնապետներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութեանց, համագործակցութեան եզրեր ստեղծելու համար։ Քանի մը տարի առաջ ան գտնուած ըլլալով Լիբանան, ջերմապէս հիւրընկալուած է Վեհափառ Հայրապետին կողմէ, որուն ազդեցութեան տակ ան անկեղծ յարգանք կը տածէ Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ առ հասարակ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հանդէպ ի մասնաւորի։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամի բնագիրը.-

Սիրելի բարեկամներ,

Ջերմօրէն կ’ողջունեմ սիրելի բարեկամիս՝ դոկտ. Պաուա Ճէյնի նախաձեռնած եւ կազմակերպած սոյն հաւաքը: Արդարեւ, այս ժողովը, պատմութեան այս վճռորոշ հանգրուանին, ժամանակաբուխ ձեռնարկ է:

Վտանգաւոր ժամանակներու մէջ կ’ապրինք՝ դիմագրաւելով հսկայական մարտահրաւէրներ եւ տարբեր բնոյթի ու տարողութեան աղէտներ: Մարդկութիւնը կը գտնուի արդի պատմութեան խաչմերուկներուն՝ տատանելով յոյսի ու յուսահատութեան միջեւ, ընկերային կեանքի զանազան ոլորտներու մէջ զարգացումներու եւ հակահոսանքներու միջեւ: Մարդկային արժանապատուութիւնը կը գտնուի վտանգի առջեւ, արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութէնէն զրկուած են շատ մը ընկերութիւններ, անարդարութիւնը, իր տարբեր ձեւերով եւ դրսեւորումներով, խստօրէն կը վնասէ մարդկային կեանքը՝ թողելով երկարաժամկէտ հետեւանքներ:

Աշխարհի այս ներկայ իրավիճակը կրօնքէն կը պահանջէ, որ՝

Առաջին. վերամանրամասնէ Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ ստեղծուած մարդ արարածի ինքնըմբռնումը՝ միաստուածեան կրօններու ուսուցումներու հիման վրայ: Ի՞նչ կը նշանակէ մարդ ըլլալ: Ի՞նչ է մարդու եզակի կոչումը՝ ուրիշին, իր միջավայրին եւ Աստուծոյ նկատմամբ:

Երկրորդ. վերահաստատէ առանցքային կարեւորութիւնը պատասխանատուութեան, հաշուետուութեան եւ թափանցիկութեան, որոնք մնայուն անկում կ’արձանագրեն ներկայ հասարակութիւններու մէջ՝ իշխուած այնպիսի միտումներով եւ գործելաոճերով, որոնք երկնայինը հեռու կը պահեն մարդու կեանքէն:

Երրորդ. վերաշեշտէ կրօններու իւրայատուկ դերակատարութիւնը, որ, ըստ տարիներու իմ փորձառութեան, յոյժ կարեւոր կը նկատեմ միջ-կրօնական երկխօսութեան, համատեղ խորհրդածութեան եւ գործունէութեան ոլորտներուն մէջ:

Հետեւաբար, կրօնական առաջնորդերուն ուսերուն կը դրուի կարեւոր դերակատարութիւն.

Ա) երբ անհանդուրժողականութիւնը ներքին լարուածութիւն կը յառաջացնէ բազմաթիւ ընկերութիւններու մէջ, կրօնական առաջնորդութեան հիմնական աշխատանքը այդ չարիքը արմատախիլ ընել է ընկերային կառոյցէն:

Բ) երբ յուսահատութիւնը իր իշխանութիւնը կը հիմնէ բռնութեամբ եւ անարդարութեամբ, աղքատութեամբ եւ մերժումով պառակտուած ընկերութիւններու մէջ, կրօնական առաջնորդութեան հիմնական կոչումը յոյս ներշնչել է:

Գ) երբ անարդարութիւնը կը դառնայ գոյաբանական իրականութիւն՝ խորապէս ազդելով եւ քայքայելով համայնքներու կեանքը, կրօնական առաջնորդներու հիմնական խնդիրը արդարութեամբ պարուրուած խաղաղութեան պատգամաբերը ըլլալն է:

Դ) երբ բեւեռացումը հակամարտութիւններ կը պատճառէ եւ բաժանումներ կը ստեղծէ աշխարհի տարբեր հատուածներու մէջ, կրօնական առաջնորդներու առաջնային առաքելութիւնը կամուրջներ կառուցող ըլլալն է։

Ե) երբ օտարացումը կը փոխարինէ մերձեցման, իսկ պատերազմը՝ դիւանագիտութեան, կրօնական առաջնորդներու հիմնական պատասխանատուութիւնը երկխօսութեան եւ փոխըմբռնման հրաւիրելն է։

Ի դէպ, պառակտուած հասարակութիւններ, մոռացութեան ենթարկուած ընկերութիւններ, լուսանքայնացածներ կրօնքին կը դառնան բուժման եւ հաշտեցման, արդարութեան եւ արժանապատուութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ ընդունման համար: Արդարեւ, կրօնք մը իր իսկական իմաստն ու իրական կոչումը ձեռք կը ձգէ, երբ կը գործէ իր արժէքներուն եւ ուսուցումներուն հիման վրայ:

Ուստի, մարդկութիւնը սպառնացող ճգնաժամերու դիմաց կրօնական առաջնորդները պէտք չէ լոկ դիտողներ մնան: Անոնք հրաւիրուած են միասին գործելու՝ ամուր յանձնառութեամբ եւ ընդհանուր պատասխանատուութեան խոր զգացումով:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ