Սփիւռքի Հետ Կապերը` Պետական Ծրագիրին Մէջ․ Տիգրան Ճինպաշեան
Երկուշաբթի, 24 Օգոստոս 2026-ին Հայաստանի Ազգային ժողովը սկսաւ կառավարութեան հնգամեայ ծրագիրի քննարկման: Ծրագիրը 85 էջերէ կը բաղկանայ. անոր մանրամասն ու համապարփակ քննութիւնը անկարելի է կատարել յօդուածի մը սահմաններուն մէջ: Հպանցիկ կերպով աչքէ անցնելու պահուն, 26-րդ էջին վրայ նկատեցի «Սփիւռքի հետ կապեր» կարճ բաժին մը, զոր կ՛ուզեմ բաժնեկցիլ ընթերցողներուն հետ:
«Սփիւռքի հետ կապեր» պարբերութիւնը կը սկսի այսպէս. «Կառավարութիւնը վերաիմաստաւորելու է սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները` դրանք կառուցելով «Իրական Հայաստան» գաղափարախօսութեան ու հայկական պետականութեան շուրջ: Կարեւոր է խաղաղութեան պայմաններում Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան վերաիմաստաւորումը»: Կը հետեւին չորս ուղղութիւններ, որոնք կը վերաբերին մասնագիտական հայրենադարձութեան խթանման, երիտասարդական-ուսանողական ցանցերու հետ կապերուն, սփիւռքի կրթօճախներուն օժանդակութեան եւ կրթական, գիտական ու մշակութային հաստատութիւններուն համագործակցութեան սփիւռքի համապատասխան կառոյցներուն հետ:
Ծրագրային չորս ուղղութիւններն ալ միակողմանի են` Հայաստանէն դէպի սփիւռք, սփիւռքի հայութեան կողմէ որեւէ ձեւի մասնակցութիւն Հայաստանի մշակութային, ընկերային, հասարակական կեանքին` բացառուած է: Քաղաքական գետնի վրայ յարաբերութիւնները պիտի կառուցուին «Իրական Հայաստան» «գաղափարախօսութեան» շուրջ: Որո՞նք են այդ «գաղափարախօսութեան» հիմքերը: Կառավարական ծրագիրի այլ մասերուն մէջ անոնք մանրամասնուած են. ահաւասիկ հիմնականները:
– Ղարաբաղեան հարցը փակուած է: Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է այդ մասին, իսկ ժողովուրդը զինք վերընտրելով ընդունած է արցախեան պայքարի աւարտը:
– Հայոց եկեղեցին պիտի բարեկարգուի Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հրաժարումով եւ նոր կաթողիկոսի ընտրութեամբ:
– Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը պիտի չըլլայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ:
– Պատմական արդարութեան մասին երազելու կարիք չկայ: Մեր երազանքները իրականացած են: Պէտք է վերջ տալ Հայոց ցեղասպանութեան զէնքայնացմանը. այդ կրակոցէն մենք զոհուեցանք եւ կը զոհուինք:
Ասոնք միայն մէկ մասն են մտքի այն գոհարներուն, զորս կառավարութիւնը իր ծրագիրով եւ Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթներով կը փորձեն պարտադրել հայ ժողովուրդին:
Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու վերաիմաստաւորումը ուշագրաւ նմանութիւններ ունի Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած արտասահմանեան քաղաքականութեան հետ: Այն ժամանակ, Խորհրդային Հայաստանը իր յարաբերութիւնները սահմանափակած էր հայրենասիրական յորջորջուած խմբակի մը հետ, որ առաւելաբար զբաղած էր անանկախ դրութեան գովերգումով: Հիմա ի՞նչ պիտի ընեն Հայաստանի իշխանութիւնները. գաղութներուն մէջ պիտի գտնեն «խաղաղութեան պայմաններուն» ջատագով հայորդիներ, որոնք պիտի լծուին Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան «վերաիմաստաւորման» գործին:
Սփիւռքը գիտակից է, որ Հայաստանի մէջ զարգացող իրողութիւններու լոյսին տակ իր ընելիքը վերաիմաստաւորելու կարիք ունի: «Պատմական արդարութեան մասին երազանքին», Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, Հայ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբումին, Հայաստանին հաւատարմութեան հանգանակներուն հաւատարմութեամբ, քաղաքական միաւորի վերածուած սփիւռքահայութիւնը նուաճած էր, բազում պայքարներէ ետք, իրաւախոհական միասնականութեան փուլը: «Հայրենասիրական շարժումները» դադրած էին գոյութիւն ունենալէ: Տեսակէտներու տարբերութիւններ կային, սակայն կար, ու տակաւին կայ, այդ տարբերութիւնները երկխօսութեամբ շրջանցելու կամքը: Համայնքային կեանքին, կուսակցութիւններուն, հասարակական կազմակերպութիւններուն զինուորագրուած անհատներուն թիւը սահմանափակ է, ինչպէս` ամէն պետութեան մէջ քաղաքականօրէն յանձնառու անձերու թիւը: Ասկէ եզրակացնել, որ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը չի բաժներ գործող կազմակեպութիւններուն դիրքորոշումները, մոլորութիւն է: Անտարբերներուն մէջ փնտռելով հաւանական դժգոհներ, անոնց տալով ասպարէզ հանելով իբրեւ «պետականամէտներ» Հայաստանի իշխանութիւնները կը պատրաստուին խռովութեան նոր աղբիւրներ ստեղծել սփիւռքի գաղութներուն մէջ: Սա արջի ծառայութիւն է սփիւռքին:
Սփիւռքահայ կառոյցները ուշադիր պէտք է ըլլան չիյնան հակասութիւններու ծուղակին մէջ, վերանորոգեն իրենց աշխատանքի միջոցները եւ միշտ հաւատարիմ` Հայաստան հայրենիքին, իմաստաւորեն ու վերաշխուժացնեն սփիւռքահայ հասարակական միջավայրը:
