Արագածոտնի Թեմը Կը Հրաւիրէ Ապաշխարութեան եւ Բժշկութեան Միասնական Աղօթքի

Uncategorized

Արագածոտնի թեմը տարածած է հաղորդագրութիւն, ուր կ՝ըսուի․

«Այս տարի Յունուար 26-30 ըստ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ տօնացոյցի Առաջաւորաց Պահքն է։

Անիկա հաստատած է մեր հաւատքի Հայր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը, որ դուրս գալով Խոր Վիրապէն 65 օր քարոզեց Սուրբ Աւետարանը, իսկ վերջին 5 օրերը ծոմապահութիւն նշանակեց ողջ ազգի համար։

Ուստի այս պահքը յատուկ է միայն Հայ Եկեղեցիին, անոր ինքնուրոյն սովորութիւններէն մէկն է եւ կը համարուի հայոց ազգային առաջին պահքը։ Մեր նախնիները այս պահքը պահած են շատ խիստ՝ հանապազ աղօթելով եւ իբրեւ սնունդ ընդունելով միայն հաց, աղ եւ ջուր եւ դարերու խորքէն փոխանցած են զայն մեզ։

Արագածոտնի թեմը, կարեւոր համարելով պահքի եւ ապաշխարութեան նշանակութիւնը, կը յորդորէ իր զաւակները անխափան կերպով անցնելու այս ազգային ընթացքը՝ ի բժշկութիւն Հայոց ազգի մարմնի, մտքի եւ հոգիի եւ կը հրաւիրէ բոլորը պահքը սկսելու յատուկ կարգով, որ կը կոչուի «Կանոն գիշերային ժամու աղօթից, որ կատարի ի վերայ ծանր հիւանդաց՝ ի բժշկութիւն ցաւոց եւ ի քաւութիւն յանցանաց»։

Անիկա պիտի կատարուի Յունուար 25-ին, Աշտարակի Սուրբ Մարիանէ Եկեղեցւոյ մէջ, ժամը 19:00-ին։

Միատեղ եւ միասիրտ կանգնինք աղօթքի»։