Ընտանիք, Դաստիարակութիւն Եւ «Հայկական Մշակոյթ»ի Ուսուցում․ Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ա) ԸՆՏԱՆԻՔ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Ամուսնական միութիւնը կը կազմուի երկու կողակից` այր եւ կին անհատներով: Այս միութիւնը ունի իրաւասութիւններ եւ պարտաւորութիւններ:

Ծնողներու պարտականութիւններուն ամէնէն կարեւորն են.

 – Զաւակներու հոգածութիւնը,
– Հոգատարութիւնը եւ անոնց
– Բարոյական (moral), ընկերային (social) եւ հոգեկան (spiritual) առողջ դաստիարակութիւնը:

Բնականաբար, սիրոյ կողքին, ընտանեկան առողջ միութիւն մը ծնողներէն կը պահանջէ շարք մը զոհողութիւններ, պարտաւորութիւններ, ծառայութիւններ եւ երկար ու համբերատար նուիրում եւ աշխատանք:

Մանուկը կամ պատանին անմեղ է, տակաւին տկար եւ անկարող, բայց մեծ կարեւորութիւն ունի մարդկութեան եւ ազգին համար: Մանկութեան, պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան հանգրուաններուն՝ զաւակը պէտք է դաստիարակել, տաշել-յղկել-կազմաւորել, որպէսզի ան աճի առողջ, արթուն միտքով, ազնիւ եւ առաքինի զգացումներով, համապատասխան կենցաղով, վարքով, որպէսզի դառնայ «Մարդ», գլխագիր «Մարդ»: Այս գլխագիր «Մարդը» կը ձեւանայ եւ կը կազմաւորուի միայն «բարոյական դաստիարակութեամբ» (moral education), ինչ որ կը սկսի ազնիւ եւ համերաշխ ընտանեկան բոյնէն ներս: Զաւակի կազմաւորումը շատ կարեւոր է պատանիին, երիտասարդին եւ ապագայ Մարդուն համար, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ քանի մը կարեւոր գործօններով կամ ազդակներով (factor, impulse), այսինքն՝

 – Ընտանեկան եւ ընկերային միջավայրի առողջ ազդեցութիւններով եւ
– Դաստիարակութեամբ իւրացուած առաքինութիւններով եւ բարոյական սկզբունքներով:

Փաստուած է, որ այս ազդակները եւ անոնց ազդեցութիւնը կը մնան մինչեւ մահ, գրեթէ անփոփոխ: 

Զաւակները ունին որոշ բնածին բարեմասնութիւններ, յատկութիւններ, սակայն աճումի ընթացքին անոնք կ՛անցնին ֆիզիքական ձեւաւորումի, կազմաւորումի հանգրուաններէ, ինչպէս նաեւ մարդկային արժէքներ, յատկութիւններ, սկզբունքներ եւ արժէքներ մշակելու զանազան փուլերէ. ասոնց կողքին նաեւ հոգեբանական վերիվայրումներ կամ ելեւէջներ, որոնք բոլորն ալ իրենց դերը կ՛ունենան զաւակներու կեանքին եւ անոնց անհատականութեան կազմաւորումին եւ ընտանեկան դաստիարակութեան աշխատանքներուն վրայ:

Ի՞ՆՉ Է ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Դաստիարակութիւնը ուսում չէ, գիտութիւն չէ, այլ մարդկային յարաբերութիւններու ազնիւ կենցաղավարութիւն, առողջ ու կիրթ նկարագրի ձեւաւորում, բարեկիրթ անձնաւորութեան կազմաւորում, ազնիւ հոգիի եւ ձեւերու իւրացում եւ գործադրութիւն, եւայլն: Ուսումը մարդուս մտքին կը հայթայթէ սնունդ եւ կ՛ընդարձակէ մտային հասողութեան հորիզոնները, մինչ դաստիարակութիւնը կամ կրթութիւնը մարդուս կեանքը կը կանոնաւորէ, անոր հոգին կ՛ազնուացնէ եւ նկարագիրը կը կազմաւորէ: Ուսումը եւ դաստիարակութիւնը մարդուս կու տան «անհատականութիւն» կամ «անձնականութիւն» (personality):

Ուսումը վերապահուած է դպրոցներու, վարժարաններու եւ համալսարաններու, իսկ դաստիարակութիւնը, տարբեր ազդակներու կամ միջոցներու կողքին, ամբողջութեամբ վերապահուած է ընտանիքին:

Երբ ընտանիքը թերանայ իր դաստիարակչական պարտականութիւններուն մէջ, վստահաբար զաւակներուն կեանքը կը քայքայուի շատ կանուխ:

Ընտանեկան դաստիարակութեան հիմնական նպատակն է պատրաստել կրթուած, աշխատասէր, բարոյականի տէր զաւակներ, զանոնք օժտելով զանազան առաքինութիւններով՝ ազնուութիւն, յարգանք, մարդասիրութիւն, ծառայասիրութիւն, իրարօգնութիւն, կարգապահութիւն, խղճմտանք, արդարութիւն, պարկեշտութիւն, համեստութիւն եւ համերաշխութիւն, որպէսզի անոնց մտային աշխարհը եւ խառնուածքը ազնուանայ եւ ընկերութեան մէջ կարենան գտնել իրենց պատշաճ դիրքը, մակարդակը, արժէքը եւ հոգեկան ուրախութիւնը:

Վարքագիծի այս բարեմասնութիւններով կը կերպարանափոխէ մանուկին, պատանիին կամ երիտասարդին ներաշխարհը, գիտակցութիւնը, մտածելակերպը եւ վարքագիծը, յարաբերութիւնները մարդոց եւ Աստուծոյ հետ եւ ան կեանքը կ՛ապրի բարոյական եւ ընկերային ազնիւ արժէքներով եւ նոր ձեւակերպումներով:

Կայ սակայն իրականութիւն մը. դաստիարակութիւնը այնպիսի աշխատանք մըն է, որ չես կրնար աւարտել:

Հետեւաբար, ընտանեկան դաստիարակութիւնը ծառայական գիտակից եւ պատասխանատու առաքելութիւն մըն է եւ անոր նախապայմաններն են՝ ծնողական սէրը եւ բարոյականի գիտակցութիւնը: 

Ի՞ՆՉ Է ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Բարոյականութիւնը, որ կը վերաբերի ազնիւ եւ բարի վարքագծի ընդհանուր բարձրութեան կամ որակին, մարդուս այն տեսակի ապրելակերպն է, որուն մաս կը կազմեն կեանքի բնական եւ առաքինական սկզբունքները եւ օրէնքները, որոնք մարդուս կեանքը եւ գործերը կը կառավարեն, կ՛ուղղեն, կ՛առաջնորդեն: Ուրիշ խօսքով, բարոյականութիւնը ամբողջութիւնն է մարդկային ա՛յն ձգտումներուն, զգացումներուն եւ գործերուն, որոնք անձի մը կամ ժողովուրդի մը մէջ կը ճանչցուին իբր կեանքի տեսական, գործնական, նիւթական եւ հոգեկան բարի, ընտիր եւ բարձր արտայայտութիւն: Բարոյականութիւնը կը մղէ անհատը բարին եւ ազնիւը գործադրելու եւ չարէն խուսափելու: Բարոյականութեան բովանդակութիւնը կը փոխուի ժողովուրդի մը ընդհանուր զարգացման համապատասխան, համաձայն դասակարգային, ինչպէս նաեւ չարի եւ բարիի յարաբերական ընկալումէն: Մարդկութեան բարիի եւ չարի ծնունդ տուողը միշտ եղած է ընտանիքը: 

Ընտանիքը մարդկութեան առաջին կրթարանն է, ուր հայրն ու մայրը կը գործեն իբր դաստիարակներ, ուսուցիչներ եւ նկարագիր կերտողներ: Ընտանիքը միայն ֆիզիքական կառոյց չէ, այլ զգացական եւ հոգեկան ապրումներու աղբիւր եւ աւազան: Այս բոյնին, աղբիւրին եւ աւազանին մէջ՝ կրթուած եւ առաքինի զաւակները կը կազմեն թանկագին տարրերը մարդկութեան եւ ազգին:

Բ) «ԱԶԳԱՅԻՆ» ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Ժողովուրդի մը ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ եւ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆը պահպանող ուժը ՄՇԱԿՈՅԹՆ է: Մշակոյթ ըսուածը մեր ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆն է: Անիկա՛ է նաեւ մեր ազգային դիմագիծը, մեր ինքնութիւնը բնորոշող եւ ուրիշ ժողովուրդներէ զանազանող բովանդակութիւնը:

Մշակոյթ հասկացողութեան մէջ գոյութիւն ունին.

 – Նիւթական մշակոյթ,
– Հոգեւոր կամ կրօնական մշակոյթ եւ
– Լեզու եւ իմացական մշակոյթ:

Այս երեք խմբաւորումները մեզի տուած են «Հայ մշակոյթ»ը կամ «Ազգային մշակոյթ»ը եւ երաշխաւորած են հայութեան գոյատեւումը:

Մարդկային ընկերաքաղաքական պատմութիւնը (չեմ սիրեր գործածել «ճակատագիր» եզրը), մեզի չէ թոյլատրած, որ մշակոյթին լայն չափերով կարենանք տալ «քաղաքացիական» դիմագիծ, այսինքն՝ ընկերային դաստիարակութեան եւ մշակութային դաստիարակութեան ճամբով կարենանք կերտել «Հայ քաղաքացի»:

Օրինակով մը բացատրեմ: Համայնավարական կամ սովետական իշխանութեան տարիներուն, Հայաստանի մէջ, ղեկավարութեան խիստ յանձնարարականը եղած էր կերտել «Սովետական քաղաքացի»: Միւս կողմէ, Հայ Սփիւռքը, կրթական կամ դաստիարակչական ծրագիրներու ճամբով՝ աշխատած է կերտել «Հայ մարդ»ը, բայց ո՛չ «Հայ քաղաքացի»: Այս իրականութիւնը մեր ազգային պատմութեան էջերուն մէջ առկայ եղած է հինէն:

Լեզուն ազգի մը հոգին է: Երբ կենդանի է այդ հոգին՝ ողջ է նաեւ ազգը: Երբ ո՛րեւէ ազգ կը կորսնցնէ իր լեզուն, ուշ կամ կանուխ կ՛անհետանայ պատմութեան թատերաբեմէն:

Այսօր, հայութեան մշակութային միջին մակարդակը այնքա՜ն նուազած է, որ այլեւս չի՛ թուիր կապ ունենալ մեր դարաւոր եւ հարուստ մշակոյթին հետ: Կ՛ակնարկեմ, օրինակ, երիտասարդութեան խօսակցական հայերէնին կամ ընկերային կենցաղավարութեան: Ընտանեկան մշակոյթի մակարդակը ենթարկուած է լրատուական անորակ եւ անդաստիարակ նսեմութեան: Խրախճանքներու ընթացքին մեր ժողովուրդին նախասիրութիւնը եղած է ականջ եւ ուղեղ խլացնող անորակ աղմուկը, նոյնքան ալ անշնորհք պարերու ընկերակցութիւնը, եւայլն:

Ժամանակակից հայերէնը ունի երկու ճիւղաւորում՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն: Ասիկա հետեւանքն է մեր պատմութեան դաժան ընթացքին: Արեւմտահայերէն խօսողները զրկուեցան իրենց հայրենի բնաշխարհին մէջ ապրելու իրաւունքէն. մէկ մասը բնաջնջուեցաւ, միւս մասն ալ սփռուեցաւ աշխարհի զանազան կողմերը:

Այսօր, հայերէնի պահպանումը միայն Հայաստանի պետութեան հարցը չէ, այլ նաեւ մեր ժողովուրդին, այսինքն՝ հանրութեան: Եթէ ամէն հայ անհատ որոշէ, որ իր ընկերային յարաբերութիւնները պիտի կատարէ հայերէնով, ուրեմն պէտք է նաեւ գիտնայ, որ հայերէն գրաւոր խօսքը անհրաժեշտ է Մեսրոպեան տառերով կատարէ:

Հայերէնի պահպանումը ազգային գիտակցութեան, արժանապատուութեան եւ կրթութեան հարց է: Միւս կողմէ, եթէ մէկը հանրութեան խօսք ունի ըսելիք հեռատեսիլով կամ հանրային ամբիոններէ, պէտք է ընտրէ գրական կամ նուազագոյնը՝ մաքուր հայերէնը, իբր հաղորդակցութեան միջոց: Պետութիւնը հայերէնը կը հռչակէ իբր պետական լեզու, բայց իւրաքանչիւր հայ ընելիք ունի: Ամէն հայ պէտք է պահապան ու պաշտպան կանգնի հայերէնին, այլապէս չենք կրնար ապահովել անոր լիարժէք գործածութիւնը:

Դժբախտաբար, հայկական կազմակերպութիւններու առաջնորդները, ղեկավարներ եւ մտաւորական խաւերը կը մնան անտարբեր: Ցաւալի է, որ մշակութային մակարդակի պահպանումին հարցով թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ շահագրգռութեան լուրջ նուազում կը տիրէ: Անշուշտ, բացառութիւնները միշտ կը մնան յարգելի: Բայց հիմնականօրէն՝ մեր ժողովուրդին մշակութային մակարդակին անկումը մտահոգութեան առարկայ չի՛ թուիր ըլլալ:

Մեր հարցը եւ մտահոգութիւնը «Ազգային մշակոյթը» մեր առօրեայ կեանքին մէջ ընդգրկելու մասին է: Մեր մշակոյթին հանդէպ կրաւորական եւ անտարբեր կեցուածքէն սթափելու մասին է: Մշակոյթի եւ մտաւորական կեանքի մասին է մեր խօսքը: Բովանդակութեան, խորքի եւ հոգեմտաւոր ստեղծագործութեան մասին է մեր խօսքը եւ մանաւանդ՝ մեր պատմութեան նշանակութիւնը եւ մշակոյթը ճանչնալու, գնահատելու, անոր ամրօրէն կապուած մնալու եւ հայ քաղաքացիական գիտակցութիւն կերտելու մասին է: «Քաղաքացիութիւն» եզրով կը հասկնանք «քաղաքակրթական» նկարագիր եւ անոր կապուած առաքինութիւններ, դրսեւորումներ (civility) եւ իրագործումներ:

Այս մտահոգութեամբ հարց կու տամ. Մեր դպրոցներուն եւ վարժարաններուն մէջ ո՞ւր են հայ մշակոյթի պատմութեան եւ ինքնութեան դասանիւթերը: Ժամանակը կը սահի եւ մեր կրթական-ուսումնական ծրագիրներուն մէջ տեղ չեն տրուին այսպիսի կարեւոր նիւթերու, նկատի առնելով անոնց բովանդակութիւնը, նշանակութիւնը եւ կարեւորութիւնը: Թոյլ տուէք ինծի, որ մատս վէրքի մը վրայ դնեմ: Ժամանակն է, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ամբողջ ուսուցչական կազմերը անցնին ուսումնական, կրթական եւ մշակութային նոր բովանդակութեան եւ նպատակներու համապատասխանող ծրագիրներէ եւ պատրաստութիւններէ: Ազգային պատմութեան դասագիրքերու մէջ՝ միայն դէպքեր կը փոխանցուին աշակերտութեան եւ ո՛չ թէ կառուցողական եւ դաստիարակիչ վերլուծումներ՝ բնականաբար աշակերտական մակարդակով:

Մենք կը հաւատանք եւ համոզուած ենք, որ այս ձեւով միայն կը ստեղծուի գործնական եւ կառուցողական հաստատ շղթայ մը: Այսպէս է, որ ազգային ինքնութիւնը կ՛ամրապնդուի, այսպէս է, որ մշակոյթը եւ սերունդներու դաստիարակութիւնը կը ստեղծեն գիտակից հայ քաղաքացիներու սերունդ՝ օժտուած մեր ազգային ինքնութիւնը եւ մշակոյթը ճանչնալու, գնահատելու գիտակցութեամբ եւ ազգային ինքնութեան արժանապատուութեամբ:

Այսօր կրնայինք ա՛յս գիտակցութեամբ եւ քայլերով հասած ըլլալ նպատակին, եթէ մեր կրթական համակարգին եւ տեղական ուսումնական ծրագիրներու մէջ ներառնուէին Հայ մշակոյթին նուիրուած զանազան դասանիւթեր եւ բովանդակութիւն (նիւթական մշակոյթ, Հոգեւոր մշակոյթ, Իմացական մշակոյթ, Հայկական ճարտարապետութիւն, Քանդակագործութիւն, Ասեղնագործութիւն, Գորգագործութիւն, Մետաղագործութիւն-Արծաթագործութիւն, Փայտափորագրութիւն, Ձեռագիր մատեաններու գրքարուեստ, եւայլն), անշուշտ, այս բոլորը դասաւանդելու պատրաստուած արհեստավարժ դաստիարակներով եւ մեթոտաբանական մօտեցումով: Այս իմաստով, մեր ուսումնակրթական համակարգէն ներս հարկ է արմատական փոփոխութիւններ պահանջող նոր ծրագիր եւ նոր իրավիճակ մշակել եւ գործադրել:

Միայն այսպիսի ծրագիրի եւ անոր գործնական կիրարկումին հասնելէն յետոյ՝ հիմք եւ իրաւունք կ՛ունենանք խօսելու «Ազգային ինքնութիւն», «Ազգային մշակոյթ» եւ անոնց կապուած հասկացողութիւններու եւ արժէքներու մասին: Արդեօք ինչպէ՞ս կրնանք անուանել ցանկացած ազգային արժէք, երբ ամէն հայ համայնք կամ գաղութ ունի արժէքներու տարբեր հասկացողութիւններ եւ արտայայտութիւններ:

Չեմ ուզեր խորանալ քաղաքականութեան ուղիներու մէջ: Սակայն, մէկ բան կը փափաքիմ յայտնել այս ծիրէն ներս.- Հայ քաղաքական, եկեղեցական եւ դաստիարակչական առաջնորդներու իսկական վարկանիշը պէտք է յայտնուի մեր Ազգային մշակոյթի մթնոլորտին մէջ: Մեր քաղաքականութիւնը պէտք չէ հեռանայ Հայ ազգային մշակոյթի սահմաններէն: Հո՛ս է որ պէտք է քննարկուի, վերլուծուի եւ հետապնդուի Ընտանիք, Դաստիարակութիւն, Մշակոյթ եւ Քաղաքականութիւն հասկացողութիւններու իրարմէ անբաժան բովանդակութիւնը եւ կարեւորութիւնը: Գերագոյն այս կարգավիճակին է, որ պէտք ձգտի մեր կրթութեան, ուսումի, գիտութեան եւ մշակոյթի ամբողջ առաքելութիւնը: