
Լոյս Տեսաւ Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակներու Ժողովածուն
Երեւանի մէջ ՎԷՄ մատենաշարի կողմէ հրատարակուեցաւ գրագէտ, խմբագիր, ՀՅԴ գործիչ Ռուբէն Զարդարեանի անտիպ նամակներու ժողովածուն, որուն հեղինակն է պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանը, իսկ յառաջաբանը գրած է Կարօ Յովհաննիսեանը։ Ստորեւ՝ հատորին մէջ լոյս տեսած Երուանդ Փամպուքեանի «Երկու խօսք»ը։
ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ ՀԱՏՈՐԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Ներկայ հատորով ներկայացուած Ռ․ Զարդարեանի 63 նամակներով չի սպառիր անշուշտ անոր ամբողջական նամակագրութիւնը։
Այս հատորին մէջ նկատի առնուած են միայն 1897-էն 1903 թուականներուն Խարբերդի շրջանէն գրուածները։
Վերոյիշեալ թուականներու գրութիւններէն ի յայտ կու գայ այդ տարիներուն Ռ․ Զարդարեանի կեանքին վերաբերող բոլորովին անծանօթ մէկ իրողութիւն, այն որ ի յայտ բերած ենք Հ․Յ․Դ․ դիւանատան արխիւներէն։ Հարցը կը վերաբերի անուանի գրողին նախ հնչակեան կուսակցութեան պատկանելիութեան, մինչեւ իսկ Խարբերդի շրջանի հնչակեան Կեդր․ կոմիտէի անդամակցութեան, ապա անոր յարիլը Հ․ Յ․ Դաշնակցութեան իբրեւ ղեկավար Խարբերդի կոմիտէին կամ Կեդր․ կոմիտէին։ Աւելի մանրամասն ծանօթացման համար կը բաւականանանք ընթերցողին ուշադրութեան յանձնել 2 Դեկտ․ 1897-ին հեղինակին գրած ընդարձակ նամակը՝ ուղղուած Ժընեւ, Հ․Յ․Դ․ «Դրօշակ»ի խմբագրութեան (Տես էջ 40-41)։
Զարդարեանի կենսագրութեան մասին խօսք կ՚ըլլայ անշուշտ առանձնապէս։ Յիշատակենք հոս յատկապէս իր բանտարկութիւնը Խարբերդի մէջ․ այդ մասին կատարուած նշումները ընդհանուր բնոյթի են եւ ոչ միատեսակ։
Այդպէս է նաեւ իր զաւկին՝ արձակագիր Հրաչ Զարդարեանի տեղեկատուութիւնը այդ մասին (Տես Հրաչ Զարդարեանի Պօղոս Սնապեանին ուղղած 19/9/1981 թուակիր նամակը՝ «Նամակներ Պօղոս Սնապեանին», էջ 58, Պէյրութ, 2023)։
Զարդարեանի բանտարկութեան մասին յատուկ յիշատակութիւն կայ «Դրօշակ»ի մէջ լոյս տեսած Խարբերդի ընդարձակ տեղեկագրին մէջ («Դրօշակ», Նոյեմբեր 1904 թ․ էջ 167-168 եւ Ապրիլ 1905 թ․ էջ 70-71)։ Տեղեկագիրը կը յիշատակէ յատկապէս Խարբերդի շրջանին մէջ տեղի ունեցած ձերբակալութիւններն ու բանտարկութիւնները՝ թիւով 35, ինչպէս նաեւ բանտարկեալներուն անունները։
Արդարեւ, այս եղելութիւնները պատահած են 1903 թ․ Մայիսին եւ շարունակուած մինչեւ Յուլիս 7, երբ այս վերջին ամսուն 20-ին կ՚աւարտէր «նախնական քննութիւն» ըսուածը։
Տեղեկագրին մէջ կը կարդանք․ «Հետեւեալներն ալ առաւել կամ նուազ նեղութեան օրեր ունեցան, շաբաթներով խիստ հսկողութեան ենթարկուած եւ գիշերներով քնատ թողուած ըլլալով»։
Այս երկրորդ խումբին մէջ կը յիշուի Ռուբէն Զարդարեան։ «Ռուբէն Զարդարեան, Մեզրէէն, ուսուցիչ եւ գրագէտ, գաւառական ժողովոյ ա․ ատենադպիր եւ բազմանդամ ընտանիքի հայր»։
«Խարբերդի առեւտրական շէնքը՝ ուր լեցուած մնացին ասոնք մէկ երկու ամիս, սպասելով նախնական քննութեանց աւարտման՝ դարձել էր ժանտատեսիլ սպանդանոց մը, ուրկէ գիշերները տանջանքի ենթարկուած զոհերուն աղաղակները կը լսուէին՝ խառն հարուածներուն բիրտ ձայնին ու դահիճներու յիշոցին»։
Խարբերդէն բանտարկեալները կը փոխադրուին մօտակայ Մեզրէի բանտ «թեւ թեւի կապուած, շրջապատուած սուինաւոր հրացանակիր զինուորներով»։
Տեղեկագրին մէջ կը կարդանք որ դատավարութիւնը տեւած է մօտաւորապէս վեց ամիս։ Նախնական քննութեանց թուղթերուն տակ իբր վկայ նշանակուած փոլիսները, ժանտարմները եւ կառավարական պաշտօնեաները միշտ իրար հակասած են։ Դատական գործընթացի ժամանակ փաստուած է հետապնդումի ընթացքին բանտարկեալներուն վե- րագրուած յանցագործութիւններուն մասին յիշատակուած տուեալները բոլորովին յերիւրածոյ են։
Այսպէս, օրինակի համար, Ռ․ Զարդարեանի ամբաստանագրին մէջ ըսուած է «Զարդարեանի տունէն ձերբակալուած թուղթերը թէեւ չեն թարգմանուած, բայց հասկցուած են թէ վնասակար են եւ շատ վարպետի գրիչով մը գրի առնուած, անոր ամէն մէկ նախադասութիւնը վնասակար է»։ Պաշտպան փաստաբան Նադրի պէյ «կը հարցնէր թէ հայերէն չի գիտցող հարցաքննիչ մը, առանց հայերէն գրուած մը թիւրքերէնի թարգմանած ըլլալու, ի՞նչպէս կը գիտնայ անոնց վնասակար հանգամանքը, մանաւանդ վարպետի գրիչով գրի առնուած ըլլալը եւ ամէն մէկ նախադասութեան վնասակար հանգամանքը։ Իրողոութիւնն այն է սակայն, որ Զարդարեանի նոյն այդ թղթերը Մէարիֆին կողմէն պատշտօնապէս թարգմանուելով, դատարանին պահանջին համաձայն, հասկցուեցաւ թէ զուտ գրական եւ իմաստասիրական կտորներ էին, շատերը Կ․ Պօլսոյ եւ Իզմիրի հանդէսներուն մէջ հրատարակուած արդէն գրաքննութենէ անցնելէն ետքը»։
«Եւ դեռ ի՜նչ անարդարութիւններ, ի՜նչ անարդարութիւններ»։
Տեղեկագիրը կը յիշէ ամբաստանեալներու հասցէին վերագրուած նմանօրինակ բազմաթիւ շինծու մեղադրանքներ։
Այսպէս, հետաքննութիւնը ցոյց կու տայ դատական ամբաստանութիւններու անհիմն ըլլալը։
Կ՚իմանանք, որ դատական հետաքննութիւնը կատարուած է լիբանանցի պաշտպան իրաւաբան՝ Նադրի պէյի կողմէ եւ Ռ․ Զարդարեան, ինչպէս նաեւ միւս հայ ձերբակալեալները 6-9 ամիս բանտարկուած մնացին, ապա անոցմէ մեծ մասը ազատ արձակուեցաւ։
Հազիւ բանտէն կ՚ելլէ Զարդարեան կ՚անցնի Իզմիրի շրջան՝ Մանիսա քաղաքը, որ պատմական Մակնեզիան է եւ ատեն մը կը զբաղի ուսուցչութեամբ եւ տնօրէնութեամբ, ապա ընտանեօք կ՚անցնի Պալքաններ՝ Ֆիլիպպէ, այժմ Փլովտիւ։ Պուլկարիոյ հայութեան մեծ մասը կազմուած էր պանդուխտ հայերէ, որոնք կ՚աշխատէին սրճարաններու եւ շոգեկառքի կայարաններու մէջ։ Համեստ կեանք կը վարէին, բայց բոլորն ալ վառուած էին Հայաստանի ազատագրութեան տենչով։ Այդ պանդուխտ հայութիւնը Պուլկարիոյ գլխաւոր քաղաքներուն մէջ կը ղեկավարուէր բաւական մեծաթիւ հայ մտաւորականութեամբ եւ ազգային կառոյցներով։
Զարդարեան կը դասաւանդէր նոյնպէս Ֆիլիպպէ քաղաքին մէջ բաւական կանուխ Ռոստոմի կնոջ՝ Էլիզայի հիմնած հայկական վարժարանին մէջ։
Վարժարանը ունէր նաեւ իր երգչախումբը։ Ասոնց բոլորին գործունէութեամբ կը ստեղծուէր գրական-մշակութային կեանք գաղութէն ներս, ղեկավարութեամբ՝ Հ․Յ․Դ․ Պալքանի Կեդր․ կոմիտէին։ Մօտաւորապէս նմանօրինակ կառոյցներով օժտուած էր նաեւ միւս քաղաքներուն հայկական կեանքը, ինչպէս Վառնա, Սոֆիա, Ռուսչուկ (այժմ Ռուսէ)։
Ռ․ Զարդարեան Ֆիլիպպէի մէջ հիմնեց «Ռազմիկ» եռօրեայ թերթը, որ նոյնպէս կը նպաստէր համայնքի մշակութային կեանքի ծաղկումին։
«Ռազմիկ» թերթը շարունակուեցաւ Ֆիլիպպէի մէջ մինչեւ 1908 թուական՝ Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումը։
Ռ․ Զարդարեանի ծանօթութիւնը ազգային հերոս Անդրանիկի հետ տեղի կ՚ունենայ հոս՝ Ֆիլիպպէի մէջ։ Այդ տարիներուն Անդրանիկ կը գտնուէր Պուլկարիա եւ մասնակից էր կուսակցական աշխատանքներուն։ Զարդարեանի եւ Անդրանիկի գործակցութեան մասին կարելի է երկար խօսիլ։ Բացի կուսակցութեան ընդհանուր գործէն Պուլկարիոյ մէջ, յատուկ առանձին երես մը ունի այն, որ Զարդարեան Անդրանիկի շարք մը գործունէութեանց մասնակից դարձած է, յատկապէս գրի առնելով անոր նկարագրած դրուագները եւ ասոնց մէջ ամէնէն նշանակալիցը Անդրանիկի «Մարտական հրահանգներ»ու վերջնական խմբագրութիւնը։ Սկիզբը Նիկոլ Աղբալեան աշխատած է անոր վրայ, բայց վերջնական ձեւաւորումը կատարած է Զարդարեան։
Ռուբէն Զարդարեանի խմբագրած Անդրանիկի «Մարտական հրահանգներ»ու առաջին հատուածները սկսած են լոյս տեսնել «Դրօշակ»ի 1906 տարուան Յունիսի, Օգոստոսի եւ Սեպտեմբերի համարներով, ապա ամբողջութիւնը առանձին հատորով հրատարակուած է Ժընեւ, նոյն տարին։
Յայտնենք որ Օսմ․ սահմանադրութենէն ետք «Ռազմիկ» թերթի տպագրական սարքերը փոխադրուեցան Կոստանդնուպոլիս, ուր նոյնպէս Զարդարեանի խմբագրապետութեամբ հիմը պիտի դրուէր Հ․Յ․Դ․ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ին։ Այս վերջինը, ինչպէս ծանօթ է, պիտի յարատեւէր մինչեւ 1915-ի Մեծ եղեռնը։
Յայտնի է որ Ռ․ Զարդարեան եղերական վախճան մը պիտի ունենար՝ բաժնեկից դառնալով Ցեղասպանութեան միւս նահատակներուն ճակատագրին։
Ռ․ Զարդարեանի գրական, մանկավարժական, հրապարակագրական վաստակին մասին տեսնել Կարօ Յովհաննէսեանի «Ռուբէն Զարդարեան ուսուցիչ-մանկավարժը եւ հրապարակագիրը» գրութիւնը։
Ե․ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ