
ազրպէյճանը ՄԱԿ-ի Մէջ Կը Փորձէ Սահմանափակել Արցախահայութեան Իրաւունքներու Պաշտպանութեամբ Զբաղող Կազմակերպութեան Աշխատանքները
ազրպէյճանը պաշտօնական բողոք ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի մէջ հաւատարմագրուած հասարակական կազմակերպութիւններու յանձնաժողովին՝ ընդդէմ «Քրիստոնէական միջազգային համերաշխութիւն» (CSI) կազմակերպութեան, որ ՄԱԿ-ի մէջ խորհրդատուական կարգավիճակ ունեցող, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւն է եւ աշխատանքներ կ՝իրականացնէ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ։
Քանի որ կազմակերպութիւնը պարբերաբար կը բարձրաձայնէ ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած ցեղական զտումներու եւ այլ յանցանքներու մասին, ՄԱԿ-ի մէջ ազրպէյճանի մշտական ներկայացուցչութիւնը կազմակերպութիւնը մեղադրած է «քաղաքական դրդապատճառներով թշնամական գործողութիւններ» իրականացնելու մէջ եւ յանձնաժողովին խնդրած է դիտարկել CSI-ի` «պարզ երեւցող անհամապատասխանութիւնը» ՄԱԿ-ի պահանջներուն։ ՄԱԿ-ի մէջ հաւատարմագրուած հասարակական կազմակերպութիւններու յանձնաժողովը ազրպէյճանի բողոքը եւ CSI-ի գրաւոր արձագանգը կը քննարկէ Մայիս 23-ին։
«Քրիստոնէական միջազգային համերաշխութիւնը» պարբերաբար ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին մէջ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ ազրպէյճանական ցեղական զտման քաղաքականութեան վրայ՝ հանդէս գալով յայտարարութիւններով եւ կազմակերպելով տարբեր միջոցառումներ։
ՄԱԿ-ի մէջ ազրպէյճանի ներկայացուցչութեան կողմէ սկսած այս գործընթացին նպատակը CSI-ին ՄԱԿ-ի մէջ խորհրդատուական կարգավիճակէ զրկելն է։ Ասոր միջոցով կը վտանգուի անկախ հասարակական կազմակերպութիւններու՝ ՄԱԿ-ի համակարգին մէջ ազատ արտայայտուելու իրաւունքը։
Անցեալ տարուայ Յուլիս 9-ին CSI-ն Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին մէջ կազմակերպած էր յարակից ձեռնարկ՝ նուիրուած արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրացման անհրաժեշտութեան։ 2024 թ․ Հոկտեմբեր 1-ին եւ 2025 թ․ Մարտ 18-ին իրականացած են ձեռնարկներ, որոնց առանցքը եղած է պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման խնդիրը։
ազրպէյճանի բողոքին մէջ CSI-ը կը մեղադրուի «անվաւեր կամ յօրինուած անուանումներ» օգտագործելու մէջ՝ նկատի ունենալով Լեռնային Ղարաբաղ անուանումը, ինչպէս նաեւ «ազրպէյճանի աղաւաղուած քարտէս» ցուցադրելու մէջ, այսինքն՝ քարտէս, ուր ընդգծուած է պատմական Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը։
ազրպէյճանը նաեւ CSI-ը կը մեղադրէ «իրավիճակային փաստերը խեղաթիւրելու մէջ»՝ անդրադառնալով այն 16 հայ գերիներուն, որոնք ներկայիս կը գտնուին դատավարութեան փուլի մէջ։
Եթէ ազրպէյճանը յաջողի հասնիլ CSI-ին խորհրդատուական կարգավիճակէ զրկելուն, ուրեմն ատիկա կը նշանակէ՝ ոչ միայն մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ քննադատութեան սահմանափակում, այլեւ նոյնիսկ Լեռնային Ղարաբաղի գոյութեան մասին յիշատակման արգելք։ Տարածքը ցեղական զտման ենթարկելով եւ մշակութային ժառանգութեան բազմաթիւ կոթողներ ոչնչացնելով՝ ազրպէյճանը այժմ կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղը ջնջել միջազգային հանրութեան յիշողութենէն։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակ
23 Մայիս 2025