ՀՀ Վարչապետը Հանդիպեցաւ Եւրոպական Յանձնաժողովի եւ Եւրոպայի Խորհուրդի Նախագահներուն Հետ

Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Յուլիս 12-ին, հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ ժան-Քլոտ Եունգերի եւ Եւրոպայի խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Դուսքի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին կողմերը քննարկեցին Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու խորացման, փոխգործակցութեան ընդլայնման առնչուող հարցեր:

Քննարկման ընթացքին կողմերը անդրադարձան նաեւ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ «Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին» համաձայնագիրին:

ՀՀ վարչապետը ողջոյններ փոխանակեց նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ:

Նշենք, որ աւելի ուշ վարչապետ Փաշինեան պիտի ճաշէ Պելճիքայի հայ համայնքը ներկայացնող գործարարներու հետ, որմէ ետք պիտի մեկնի Սուրբ Մարիամ Մագթաղինէ հայ առաքելական եկեղեցի, ուր տեղի պիտի ունենայ հանդիպում հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպումէն անմիջապէս ետք վարչապետի ղեկավարած պատուիրակութիւնը պիտի վերադառնայ Հայաստան:

Leave a Reply