
Հայրենի Հողին եւ Սրբութեան Նկատմամբ Ունեցած Գիտակցութիւնը Անյաղթահարելի Ուժ է. Դադիվանքի Հոգեւոր Սպասաւոր
Դադիվանքը ամբողջութեամբ շրջափակուած էր թշնամիներով, մենք վանական համալիրը շրջապատող պարիսպէն ներս կ՝ապրէինք միայն։ Ռուսական խաղաղապահ զօրամիաւորման ջանքերով էր, որ Դադիվանքը մնաց ու հայկական պահպանուեցաւ, եւ իմ միակ մխիթարութիւնը, որմով հիմա կը շարունակեմ ապրելու ուժ գտնել, այն է, որ ես վանքը թուրքին չեմ յանձնած։ «Փաստինֆո» լրատուականի հետ զրոյցի մը ընթացքին կ՝ըսէ Դադիվանք վանական համալիրի վերջին հոգեւոր սպասաւոր՝ Տէր Դերենիկ աբեղայ Սահակեան։
Ըստ անոր` ամենավերջիներէն մէկն էր, որ դուրս եկած է Արցախէն՝ իր ետին թողնելով Դադիվանքի վանական համալիրը եւ այն, ինչ զգացած ու ապրած է այդ ժամերուն, բառերու վերածել չի կրնար. «Խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ դուրս եկանք վանքէն։ Արցախը, արդէն, ամբողջապէս հայաթափուած էր, Ստեփանակերտի մէջ, կարծես, այլեւս մարդիկ չէին մնացած։ Մնալը, արդէն, անհնարին էր, որովհետեւ անվտանգային լուրջ խնդիրներ պիտի յառաջացնէր։ Վանական համալիրի տարածքին, մեզմէ ետք ալ, ռուսական խաղաղապահ զօրամիաւորման ծառայողերը մնացին»։
Երբ կը նայինք 2020 թ, Նոյեմբերէն ետք տեղի ունեցող զարգացումներուն, կը տեսնենք, որ Դադիվանքը պահպանուեցաւ այլ սկզբունքով, կ՝ըսէ վանական համալիրին մէջ հոգեւոր ծառայութիւն իրականացուցած հոգեւորականը եւ կ՝աւելցնէ. «Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին խնդրանքով, ռուսական ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքին եւ նախագահ Վ. Փութինի միջնորդութեամբ, յաջողեցանք Դադիվանքը պահել հայկական գործող եկեղեցի, որովհետեւ այդ տարածքի բոլոր սրբատեղիները անցան թշնամիի վերահսկողութեան տակ»։
Դադիվանքի վանական համալիրի պատերէն ներս ոչ մէկ օր լռած են Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ կարգով նախատեսուած ծէսերն ու արարողութիւնները, եկեղեցին մնացած է մշտարթուն եւ գործող. «Թէ՛ տօնական օրերուն, թէ՛ կիրակնօրեայ բոլոր պատարագները կատարուած են ամբողջութեամբ եւ լիարժէք կերպով, ինչպէս նաեւ բոլոր ժամերգութիւնները՝ օրական երեք անգամ։ Մէկ անգամ ըսած եմ՝ արարողութիւններուն եւ ծէսերուն ընթացքին ինծի համար ամենամեծ ցաւը այն էր, որ, երբ կը թեքուէի Խաղաղութիւն աւետիսը տալու՝ եկեղեցին դատարկ էր… Այս ամէնուն մէջ ինծի միակ ուժ տուողը իմ հայրենի հողն էր, զգացողութիւնը, որ ես կանգնած եմ իմ պատմական սուրբ հողին վրայ։ Հայրենի հողին եւ սրբութեան նկատմամբ ունեցած գիտակցութիւնը անյաղթահարելի ուժ է։ Այդ գիտակցումով որեւէ դժուարութիւն մեզի ընկճել կամ ճնշել անզօր է»։
Ամփոփելով զրոյցն ու պատասխանելով հարցին՝ Հայր Սուրբը ի՞նչ վերցուցած է իր հետ՝ վանական համալիրը ձգելու եւ Արցախէն դուրս գալու վերջին օրը, տէր Դերենիկը պահ մը կը լռէ, այնուհետեւ կը պատասխանէ՝ կան բաներ, որոնց մասին բարձրաձայնել չեմ կրնար, սակայն հարցին՝ ի՞նչը ինքը իր հետ վերցուց՝ Դադիվանքէն դուրս գալու ժամանակ, կ՝ըսէ՝ վերցուցի ամէն ինչ ու ոչինչ վերցուցի…