Արցախին Հետ Ենք Այսօ՛ր Եւ Միշտ․ Արամ Ա․ Կաթողիկոս

Հայաստան, Սփիւռք

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի պատգամը ի պաշտպանութիւն Արցախի եւ Հայաստանի հաւաքի մասնակիցներուն
(1 Հոկտեմբեր 2023թ. Պրիւքսէլ)

Արցախին հետ էինք երէ՛կ,Արցախին հետ ենք այսօ՛ր եւ միշտ…:

Որովհետեւ՝

Արցախը մե՛նք ենք, ո՛ղջ հայութիւնը:

Արցախը իւրաքանչիւր հայն է:

Արցախը մեր հաւատքին ու կամքին, մեր ողջ էութեան անբաժանելի մասն է:

Ո՛չ ոք կրնայ Արցախը խլել մեր կեանքէն, պահանջատէր հայու մեր վճռակամութենէն:

Պատգամն ամբողջութեամբ հետեւեալ յղումով ԱՐՑԱԽԻՆ ՀԵՏ ԵՆՔ