
Չեխ Գրողի Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Գիրքը Հայերէնի Թարգմանուած է
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ կայացաւ չեխ գրող, հրապարակախօս եւ ճանապարհորդ Գարել Հանսայի «Արեւելքի արհաւիրքները» գիրքին հայերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ «Առաւօտ»-ը։
Գիրքը հայերէնի թարգմանած էլ «Օրեր» ամսագրի համահիմնադիր, Փրակայի Գառլի համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժանմունքի դոկտոր Աննա Կարապետեանը։
Ի թիւս այլոց, շնորհանդէսին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Չեխիոյ դեսպան Պետրիխ Գոբեցգին: Դեսպանը ընդգծեց, որ խորութեամբ ուսումնասիրած է Գարել Հանսայի կեանքը, աւելցնելով, որ գիրքը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման հարցով։
«Արեւելքի արհաւիրքները» գիրքը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին փաստագրութիւն է եւ ականատեսի վկայութիւն: Անիկա հայերուն վերաբերեալ Հանսայի հրատարակած առաջին աշխատութիւնն է, որ ժամանակակիցներուն մէջ մեծ աղմուկ բարձրացուցած է եւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ֆաշիստական գրաքննութեան կողմէ մտցուած է արգիլուած գրականութեան ցանկ։
Գիրքը, որ տպագրուած է հեղինակին սեփական միջոցներով, նուիրուած է հայ ժողովուրդի պատմութեան ու մշակույթին։ Աննա Կարապետեանը ներկայացուց գրողին կեանքն ու գործունէութիւնը։ Անոր բնորոշմամբ, Գարել Հանսան հայամէտ էր. «Գիրքը թարգմանած եմ, քանի որ ասիկա ականատեսի վկայութիւնն է, եւ ականատեսի վկայութիւնը կամայ թէ ակամայ հեղինակը դարձուցած է հայամէտ»: