Ժընեւի Նահանգային Խորհուրդը Արցախի Հայերու Ինքնորոշման Իրաւունքը Ճանչնալու Կոչով Բանաձեւ Ընդունած է

Աշխարհ, Հայաստան

Զուիցերիոյ Ժընեւի գանդոնի նահանգային մեծ խորհուրդը Հոկտեմբեր 14-ին քննարկեց եւ ընդունեց «Հայաստանի գոյատեւման համար» (Pour la survie de l’Arménie) Զուիցերիական սոցիալիստական կուսակցութեան (Parti socialiste suisse) եւ Քրիստոնեայ-դեմոկրատական կուսակցութեան (Parti démocrate-chrétien) շարք մը անդամներու կողմէ համատեղ նախաձեռնած բանաձեւը։

Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ բանաձեւով մասնաւորապէս կոչ ուղղուած է Զուիցերիոյ դաշնային խորհրդարանին դատապարտելու Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ իրականացուած յարձակումը, ձեռնարկելու միջոցներ, որպէսզի Ազրպէյճանի գործողութիւնները չֆինանսաւորուին Զուիցերիոյ մէջ ազրպէյճանական հումքի վաճառքէն ստացուող եկամուտներէն։

Բացի այդ, կոչ ուղղուած է ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ինքնորոշման իրաւունքը եւ ընելու հնարաւորը հայ ռազմագերիներու հայրենադարձման համար։