Մոմավառութիւն՝ Ի Պահպանութիւն Թիֆլիսի Հայոց Սրբավայրերուն (լուսանկարներ)
Վրաստանի հայ համայնքը, Հոկտեմբեր 14-ի կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագէն ետք, Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եւ Սուրբ Էջմիածին եկեղեցիներէն՝ հոգեւոր հայրերու առաջնորդութեամբ կազմակերպեց խաղաղ քայլերթ դէպի Հաւլաբարի կեդրոնի Ֆիգների փողոցի (Փէրիսցուալեբա փողոցի թիւ /21 հասցէով) յարակից տարածքին աւերակներու վերածուած Շամքորեցոց Սուրբ Աստուածածին (Կարմիր Աւետարան) եկեղեցի: Այս մասին կը հաղորդէ Armenianchurch.ge-ն։
Քայլերթին նպատակն էր խաղաղ մոմավառութեամբ, ի պահպանութիւն հայոց սրբավայրերու, երկրի իշխանութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել պատմական յուշարձանի յարակից տարածքին գործող եւ նախատեսուող հասարակական վայրերու կառուցման արտօնութեան: Քանի որ եկեղեցին կը գտնուի վթարային վիճակի մէջ եւ յղի է բազմաթիւ վտանգներով, անիկա կրնայ վտանգել տեղի բնակչութեան եւ այցելուներու անվտանգութիւնը, ուստի անհրաժեշտ է միջոցներ ձեռնարկել կանխելու նման անօրէն շինութիւններու արտօնութիւնը, որ կը խաթարէ պատմական յուշարձանի եւ Թիֆլիսի մէջ հայկական հետքի պահպանութեան:
Քայլերթի մասնակիցները միասնաբար աղօթելէ եւ մոմեր վառելէ ետք աւարտեցին իրենց խաղաղ գործողութիւնը, ափսոսանք յայտնելով հայոց պատմական եկեղեցոյ նման անմխիթար վիճակէն:
19-րդ դարու առաջին կէսի կառոյց Շամքորեցոց Սբ. Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է Գանձակէն Թիֆլիս տեղափոխուած շամխորցիներու կողմէ սեփական միջոցներով: Եկեղեցին գործած է մինչեւ խորհրդային կարգերու հաստատումը, ունեցած է իր ծխական դպրոցը, կալուածքները:
Խորհրդային տարիներուն եկեղեցւոյ շէնքը գործածուած է տարբեր նպատակներով, վերածուած է հացի գործարանի, ապա պահեստի, ծառայած իբրեւ վրաց նկարիչներու արուեստանոց:
1989 թուակսնին եկեղեցին փլուզուած է երկրաշարժի հետեւանքով: 1999 թուականի դրութեամբ կանգուն վիճակի մէջ եկեղեցիէն կը պահպանուի միայն արեւելեան ճակատը եւ անոր հարող որոշ հատուածներ: Վիրահայոց թեմը Շամքորեցոց եկեղեցին թեմին վերադարձնելու կամ եկեղեցին պահպանելու հարցով բազմիցս դիմած է Վրաստանի իշխանութեան:
2016-ի Դեկտեմբերին եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ սկսած են շինարարական աշխատանքներ, որ օր-օրի վնաս կը հասցնէ ճարտարապետական կառոյցի յետագայ պահպանման:




