Միասնական Աղօթք՝ Յանուն Հայրենիքի Եւ Հայոց Բանակի

Հայաստան, Սփիւռք

Կիրակի, 3 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ, Պըրպենքի (ԱՄՆ) Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանրային միասնական աղօթք՝ «նորոգելու մեր ուխտը վասն հայրենեաց խաղաղութեան եւ Հայոց բանակի անսասանութեան, յատկապէս այս օրերուն, երբ հայրենիքը եւ Արցախ աշխարհը կ՛ապրին ծանր օրեր»։ Այս մասին, ըստ «Ասպարէզ»-ի, կը հաղորդեն առաջնորդներ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Միքայէլ եպս. Մուրատեան եւ վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեան։

Ստորեւ առաջնորդներուն յղած նամակը․

«Զատկական Տօնի նախօրեակին կոչ կը յղենք մեր ազգի զաւակաց՝ միասնական աղօթքով նորոգելու մեր ուխտը վասն հայրենեաց խաղաղութեան եւ Հայոց բանակի անսասանութեան, յատկապէս այս օրերուն, երբ հայրենիքը եւ Արցախ աշխարհը կ՛ապրին ծանր օրեր։ Բոլորիս հոգու պարտք պիտի համարենք հոգեւորապէս եւ ի գին զոհողութեան զօրավիգ մնալու հայրենիքի ու մեր պետականութեանն ի խնդիր։

«Աղօթահաւաքի աւարտին պիտի կատարուի հոգեհանգիստ մեր նահատակ հերոս զինուորներու հոգւոց խաղաղութեան համար։

«Ուրեմն, բոլորով համատեղուինք, եւ թող աղօթքի մէջ զօրացած նորոգուի մեր հոգիներուն մէջ մեր նախնեաց աւանդը «վասն հաւատոյ, վասն հայրենեաց»։