Լիզպոնի Անմահներուն Նամակը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Կարօ Վ. Մանճիկեան

1984 թուականն էր, հաւանաբար 1985, երբ ընկերս ու ես որպէս ՔՈՄ-եան անդամներ գործուղղուեցանք Ֆրանսա՝ մասնակցելու Ուսանողական միութիւններու համագումարին, որուն նաեւ պիտի յաջորդէր Երիտասարդական միութիւններու բանակումը, վերոյիշեալ երկու ձեռնարկները իրագործուեցան Ֆրանսայի հարաւ-արեւելքը գտնուող Վէյն գիւղակի ամառնային բանակավայրին մէջ, իսկ գիւղակը Փարիզէն շոգեկառքով 8 ժամ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր։

Հայկական զինեալ պահանջատիրութեան բուռն օրերն էին։ Եւրոպայի ոստաններուն մէջ իրար ետեւէ կ’ահաբեկուէին թուրք ջարդարար պետութեան բարձրաստիճան պաշտօնակատարներ՝ դեսպաններ, հիւպատոսներ… եւ այլն։

Հասանք Ֆրանսա, Փարիզի Շայլ տը Կօլ օդակայան։

Հոն, շարքի կանգնած, կը սպասենք անցագիրներու եւ ճամպրուկներու ստուգումին, մաքսատան եւ ոստիկանութեան կողմէ։

Շարքին մէջ, դիմացս, լիբանանցի կնոջ մը կարգն է։ Մաքսատան ոստիկանը արագ ակնարկով մը հաստատելէ ետք անոր լիբանանցի ըլլալը սկսաւ մանրակրկիտ ու ձանձրանալի ստուգման արարողութեան։ Կնկան հեռաձայնի փոքրիկ տետրակը նոյնիսկ ենթարկուեցաւ խիստ ստուգումի… էջ առ էջ։

Այդ օրերուն, սուրիացի, լիբանանցի եւ պաղեստինցի ըլլալը համազօր էր ահաբեկիչ ըլլալու։

Կէս ժամ մը սպասելէ ետք հերթը եկաւ ինծի։ Երկարեցի անցագիրս… սուրիական։

Զարմացած «Օ՜… սուրիացի» բացագանչեց։

Նուաստս՝ քաջալերուած հայկական ինքնութենէս, ինքնավստահ ոճով մը բացագանչեցի. «Այո՛, սուրիացի եմ, բայց հայ, հայկական ծագումով»։ Չուշացաւ պատասխանը։ «Աւելի վատ…»։ Իսկ ես երբ զարմացած, աւելի ճիշդը՝ շանթահարուած, խորաթափանց նայուածքով մը դէմքին սեւեռեցի նայուածքս, ան աւելցուց.

«Քու ահաբեկիչ հայրենակիցներուն ձեռքով, սպանուած աւելի քան 50 անմեղ մարդոց արիւնը տակաւին չէ չորցած «Օրլի» օդակայանի սրահներու սալայատակին վրայ»։

Ոստիկանը թէեւ չխուզարկեց մեր պայուսակները, սակայն ֆրանսական «բարի եկաք» մը ըսած էր մեզի։

Յաջորդող օրերուն իմացանք, որ մեր լիբանանեան ինքնութիւն ունեցող մէկ ընկերը օդակայանէն վերադարձուցած էին։

* * *

Վերոյիշեալ հակաթուրք այդ պայքարը, հաշուին չէր գար միջազգային մեծ պետութիւններուն, որոնք ազատագրական, գաղափարական զինեալ պայքարին դիմագիծը աղաւաղելու համար անդուլ ճիգ կը թափէին։ Այդ պայքարը իմաստազրկելու համար, մէջտեղ եկած օտարաբոյր կազմակերպութիւններ հայութեան անունով կը հարուածէին ոչ թրքական թիրախներ, մուր քսելով արդար պահանջատիրութեան վրայ։

Եւ այսպէս տեղի ունեցած ֆրանսական Օրլի օդակայանի արիւնալի դէպքը, որ իբրեւ թէ ուղղուած էր Թուրքիոյ դէմ, խլած էր աւելի քան յիսուն եւրոպացի, մանաւանդ ֆրանսացի անմեղ զոհեր, որոնցմէ տասնեակ մը պատանիներ ու երեխաներ էին։

Եւրոպական, մանաւանդ ֆրանսական մամուլը, որ կը կարծուէր թէ սկսած է թեքիլ դէպի հայութեան արդար պահանջատիրութիւնը, հայոց Մեծ Եղեռնի ճանաչման ուղղութիւնը, այդ արիւնալի դէպքով հակահայ արեւելում կ’որդեգրէր։ Ֆրանսական թերթերը ժահր կը թափէին մեր գլխուն։

Ուսանողութեան օրերուս կը հետեւէի ֆրանսական լրատուամիջոցներուն, թերթերուն՝ Le Monde, Le Soir, Le Figarau… որոնք սկսած էին վաճառուիլ սուրիական գրախանութներուն մէջ, տասնեակ տարիներու կասեցումէն ետք։ Այդ թերթերուն հետեւելու իմ ներքին, մղիչ ուժը միջնակարգի տարիներուս սորված ֆրանսերէն լեզուս բարելաւելու ձգտումն էր, ինչպէս նաեւ քաղաքական մտքի զարգացման հեռանկարը… որովհետեւ ինկած էի յեղափոխականացման ու քաղաքականացման ճանապարհին վրայ։

Վերոյիշեալ թերթերուն հետեւողին համար, շատ-լաւ տեսանելի էր անոնց հակահայ թեքումը Օրլիի դէպքէն ետք։ Անոնց խմբագիրներուն թէ յօդուածագիրներուն մօտ չքացած էր հայութեան եւ անոր արդար դատին հանդէպ տարիներու ընթացքին համակրանքի ու պաշտպանի դիրքորոշումը։

Եւրոպայի եւ ֆրանսայի մէջ բնակող խաղաղասէր, աշխատասէր, պարկեշտ քաղաքացիներուն՝ հայերուն պատկերը մռայլուած էր այդ երկիրներու հաւաքականութիւններուն մօտ։ Հայը այլեւս տիպար քաղաքացի չէր, դադրած էր ըլլալէ։ Այսպէս կը բացատրուէր։

Հայկական պահանջատիրութիւնը կը նոյնացուէր կոյր ահաբեկչութեան հետ։ Կը մատնանշուէր կոյր վրիժառութեան պիտակ մը, որ մերը չէր անշուշտ։

Եւ յանկարծ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի հերոսութիւնը։

Հինգ հայ երիտասարդներ, հինգ կտրիճներ ու հերոսներ, հաստատաքայլ ներս կը խուժէին Փորթուկալի մայրաքաղաք՝ Լիզպոնի թրքական դեսպանատան դարպասէն։

Այս հերոսական քայլին դէպքերու մանրամասնութիւններու թուումէն խուսափելով հանդերձ, յիշենք, որ հոն պատանդներ ալ վերցուեցան, սակայն ականապատուած շէնքէն դուրս ղրկուեցան այդ տղոց կողմէ։ Ու անոնք շէնքին մէջ մինակ մնալով, ականահարեցին ու պայթեցուցին շէնքը ու անոր փլատակներուն տակ մնացին անոնց անշունչ դիակները։

Ցնցուած էր հայութիւնը։ Ցնցուած էինք մենք՝ երիտասարդներս։ Կը սգայինք մեր մատղաշ ու թանկագին նահատակները։ Բայց ամենակարեւորը՝ ցնցուած էր հայութիւնը ահաբեկիչ անուանող վերնախաւը։

Լիբանանահայ «Ազդակ» պաշտօնաթերթը սպառիչ մանրամասնութիւններով եւ յօդուածներով կը մխիթարէր մեզ։

Դէպքին յաջորդող օրերուն անընդմէջ կ’այցելէի Հալէպի Մունշիէ թաղին մէջ գտնուող «Իսթամպուլի»ին գրախանութը։ Գրախանութին տէրը ինծի վերապահած էր «Ֆիկարօ» թերթին մէկ կարեւոր թիւը։ Զայն թեւիս տակ սեղմած փութացի տուն։ Անկողինիս վրայ փռելով «լափեցի» յօդուածները։

Յօդուածներ, վերլուծումներ, նկարներ…։

Մտքիս մէջ կը գամուի շատ կարեւոր նախադասութիւն մը՝ «Հայերը իրենց արդար դատին համար, նահատակուիլ գիտեն։ Անոնք ահաբկիչներ չեն։ Անոնք մարտիրոսներ են»։

Այս տողերուն ընդմէջէն կը հասկնամ հայ անմահներուն նահատակութեան նամակը։ Եւրոպացիք եւ համայն աշխարհը կը ստանան եւ կը հասկնան այս նահատակութեան, իմա՝ անմահութեան նամակը։

Այս անմահութիւնը հասցէագրուած էր նաեւ հայութեան, մանաւանդ հայ երիտասարդութեան։ Վերականգնուած էր Բաբգէն Սիւնիներու, Կարօ Զօրեաններու աւանդը, կտակը։

Անոնց իմացեալ մահով, ջնջուած էր Օրլիի դէպքին պատճառով հայութեան ճակատին քսուած կարմիր մրուրը, այդ նահատակներուն իսկ կարմիր արեամբ։

Լիզպոն եւ հինգ անմահներ։

Այսօր աւելի քան մէկ դար անցած է Խանասորի դաշտին վրայ կատարուած արշաւանքէն, ուր իմացեալ մահով նահատակուեցան Կարօ Զօրեանը եւ իր միւս խոնարհ ընկերները։

Ակնյայտ է զուգահեռը Լիզպոնի եւ խանասորի միջեւ։

Նահատակներու արշաւանքներ…

Տողերս կ’ուզեմ աւարտել Խանասորի երգէն տողեր մէջբերելով.

Յուլիս ամսոյն

Քսան հինգին (նաեւ քսան եօթին)

Կատարեցէք մեր տօնը…

Անմահութեան զոյգ տօներ։

Leave a Reply