Ամբոխահաճութեան (Պոպուլիզմ) Ծիներուն Մաս Կը Կազմէ Բռնացումը (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Լուսամիտ ժողովուրդ մը իր շահերը կը վստահի զարգացած մարդոց, բայց տգէտ ժողովուրդ մը վստահօրէն կը խաբուի նենգամիտներէ, որոնք զինք շողոքորթեն թէ ճնշեն, կը դարձնեն իրենց ծրագիրներու գործիքը եւ զոհը իրենց անձնական շահերուն:

Նիքոլա տը Քոնտորսէ (1743-1794)

իմաստասէր, գիտնական

            Կը մտածեմ Հայաստանի մէջ դրսեւորուող սովորական դարձած անհանդուրժողութիւններու, քննադատութիւններու եւ իրարու հանդէպ փոխադարձ անհաշտելի յարձակապաշտներու մասին, նաեւ անոնց արձագանգին՝ սփիւռք(ներ):

            Քաղաքական առօրեայ դարձած է ամբոխահաճութիւնը, պոպուլիզմը, (populism), կարծէք ազգովին ներքաշուած ենք այդ խաղին մէջ:

            Բարձր խօսիլ, ամբաստանել, սեւցնել: Յետո՞յ:

            Խորագիրը լրացնելով կրնայի ըսել նաեւ՝ բրտութիւն, անհանդուրժողութիւն:

            Ամբոխահաճութիւնը քաղաքական այն ՃԱՌն է, որ ժողովուրդը կը վերածէ ամբոխի, զայն կը դարձնէ առարկայ, կը զրկէ ինքնուրոյն մտածելու, դատելու, որոշելու եւ ընտրելու կարողութենէ:

            Հաղորդակացական-լրատուական միջոցներու զարգացումը եւ բազմացումը, մանաւանդ՝ համացանցը եւ ինչ որ կը կոչենք «ընկերային ցանցեր», ամբոխահաճութեան զարգացման համար դարձան մայրուղիներ, ուր անհատներ, խմբակներ եւ կազմակերպութիւններ, առանց ոչ ոքի հաշուետու ըլլալու, առանց ոեւէ հակակշռի, ազատ ասպարէզ ունին: Կէս-ճշմարտութիւն, ենթադրութիւն, խորհրդային օրերու մնացուք «սեւացրէ՛ք», վարկաբեկում, ամենաթողութեամբ կը շրջին մամուլով, եթերով: Պառակտուելու միշտ հակամէտ մեր հաւաքականութիւնները, թիրախ են անհատներու կամ խմբաւորումներու «պայքար»-ին ծառայող տեղեկութիւններու անարգել տարածման, Հայաստան, Հայաստանի հետքերուն վրայ՝ սփիւռք(ներ):

            Կացութիւն՝ որ արդէն բազմաթիւ պատճառներով վիրաւոր, տկար եւ ընկճուած ժողովուրդը ամէն օր քիչ մը աւելի կը պառակտէ: Կարծէք հաւաքաբար ընդունած ենք ամբոխահաճութեան խաղին անկանոն կանոնները, եւ անկարող ըլլալով միանալով մեզի սպառնացող վտանգներուն կուրծք տալու ուժ ունենալէ, զիրար քարկոծելու ինքնագոհութիւնը կ’ապրինք:

            Այսօր ո՞վ, ամենայն անկեղծութեամբ եւ գիտակցութեամբ, կրնայ ըսել, որ զերծ է ամբոխահաճութեան ախտէն: Ինչո՞ւ ճիգ չենք ըներ մտածելու եւ հասկնալու, որ ի՞նչ է ամբոխահաճութիւնը, ի՞նչ են անոր բացասական հետեւանքները: Ինչո՞ւ չենք փորձեր, փոխանակ նայելու դէպի միւսը, միւսները, նախ մաքրել մեր տան շեմը, մենք մեզ սրբել ամբոխաճութեան վարակէն:

Ողջախոհութիւնը առաքինութիւն է: Եթէ ան առաջնորդէ մեր միտքը եւ զգացումները, պիտի հասկնանք, որ ամբոխահաճութիւնը ժողովրդավարութեան այլասերումն է: Ամբոխավարներ, որոնք ի գին ամէն բանի կը միտին իշխանութեան տիրանալ, զանգուածներու դառնութիւնները, քէնը եւ նախանձը կը չարաշահեն, զանոնք կը հակադրեն, ըստ պահու եւ նպատակի, ընկերային այս կամ այն խաւին, որ կրնայ ըլլալ օրուան իշխանութիւնը, ընդհանրապէս ընտրանին, դրամատէրերը, այլ բնոյթի «մենաշնորհեալ»-ները, բոլոր անոնք՝ որոնք զանազան ձեւերով կը հակակշռեն լծակները, համագումար՝ փոքրամասնութիւններ, որոնք կը ներկայացուին որպէս մեծամասնութիւնը չարաշահողներ:

Ամբոխահաճ (պոպուլիստ) առաջնորդը կը ստեղծէ այն խաբկանքը, որ իշխանութիւնը կ’ուզէ վերադարձնել ժողովուրդին: Արդիւնքը կ’ըլլայ այն՝ որ իշխանաւորը կը փոխուի, կու գայ նորը, կը դառնայ նոր ընտրանի, կը կրկնուի անցեալը: Որպէս կարգախօս կը շարունակեն ըսել՝ որ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին, որ ժամանակ մը գոհունակութիւն կը զգայ երբ կացութիւններ փոխուին, բաւարարելով դառնութիւններ, նախանձ, քէն, մինչեւ որ ամբոխավար մը գայ, եւ կրկին ըսէ, որ խոստումները չեն յարգուած, չարաշահումները կը շարունակուին, իշխանութիւնը խլուած է ժողովուրդէն: Իշխանութիւնները, իրենց կարգին, կը քննադատեն ամբոխահաճութիւնը, քանի որ ան անկարելի կը դարձնէ դրական ղեկավարումը, կը խափանէ յառաջդիմութիւնը, կ’անտեսէ արժանիքները եւ կարողութիւնները, հետեւաբար անկարելի կը դարձնէ զարգացումը, ինքնատպութիւնը եւ յաջողութիւնը:

Ամբոխահաճութիւնը, էապէս ընտրական ամբոխավարութիւն է, աւելի պարզ՝ պատեհապաշտութիւն, այսինքն՝ այլասերումը ժողովրդավարութեան:

            Ամբոխահաճութիւնը զանգուածի դժգոհութեան լծակները կը բանեցնէ պարզ եւ անմիջականօրէն հասկնալի կարգախօսներով. կեանքի պայմաններդ վատ են, քանի որ որպէս ընտրանի (elit, էլիդա) տեսնուածները լաւ կ’ապրին, դուն աղքատ ես, քանի որ ընտրանիի անդամները հարուստ են:

Այս սադայէլի շրջանակ է, քանի որ ընտրանին երբ հեռացուի, պիտի գայ նոր ընտրանի, եւ նոր ամբոխահաճ մը պիտի գայ կրկնելու նախապէս ըսուածները:

            Այս կացութիւնը միշտ կը շեշտուի ցած կենսամակարդակ ունեցող աղքատ երկիրներու մէջ, զանգուածը թմրեցուցիչի պէս կարիք ունի ամբոխահաճութեան, որ դատողութիւնը կը քնացնէ, ուշիմութիւնը փակագիծի մէջ կը դնէ, համբերութեան իմաստութիւնը կը հեռացնէ, մանաւանդ կ’արգելակէ իմաստուն նախատեսութիւններ ընել աւելի լաւ ապագայ մը ծրագրելու եւ անոր համար գործելու: Անմիջականի մէջ բանտարկութիւն: Դժուարութիւններու պարագային, փառասիրութիւններ բաւարարելու համար, ամբոխահաճութիւնը կ’օգտագործէ զանգուածներու դատողութիւնը քնացնելու, թմրեցնելու եւ հիպնոսացնելու համար սուտուփուտ բարոյախօսական ճառը, ամբոխավարութիւնը, պատմութեան սխալներու քննադատութիւնը, արժէքներու նուաստացումը, նորի եւ յոյսերու անիրական պատկերացումները:

            Ճիշդ պէտք է հասկնալ ամբոխահաճութիւնը: Ան կրնայ յիշեցնել ամբոխավարութիւնը, բայց խորքով եւ նպատակով տարբեր է: Ուշադրութեամբ պէտք է հետեւիլ ամբոխահաճական «ճառ»-ի կառուցման: Ան արագ տարազումներով գործիքի կը վերածուի կուսակցութիւններու կամ պատեհապաշտ «առաջնորդներ»ու կողմէ, որոնք իրենք իրենց կը շնորհեն ժողովուրդ ներկայացնելու իրաւունք, կամ ըլլալու ժողովուրդի բանբեր: Հայաստան ան արտայայտուեցաւ «ժողովուրդը կ’որոշէ» ամբոխի ինքնասիրութիւնը շոյող տարազով: Բայց ուշադիր դիտողը դիւրաւ կը տեսնէ, որ «ժողովուրդը կ’որոշէ»-ի բարձրախօսին առջեւ կանգնողները իրենք ալ ժողովուրդ չեն, ընտրանիին մաս կը կազմեն, էլիդա են, գործող կամ նախկին էլիդա, վերնախաւին, մաս կազմած են, մաս կը կազմեն՝ թերեւս նոր պիտակներով:

            Ամբոխահաճութիւնը, populism, գործածական բառ դարձած է, փոխարինած է ամբոխավարութիւնը, ուղղութիւն տալու, շեղեցնելու կամ սիրաշահելու համար հանրային կարծիքը, ե՛ւ իշխանութիւններուն ե՛ւ ընդդիմութիւներուն կողմէ, խորամանկութեամբ կամ շողոքորթութեամբ, փորձելով խախտել դիմացի ճակատի հանդէպ վստահութիւնը, ան ըլլայ ղեկավար, «ընտրանի» խմբաւորում, թէ կուսակցութիւններ:

            Այլ տեսանկիւնէ, ամբոխահաճութիւնը հետեւանք է միջին եւ ժողովրդական դասերու դժգոհութեան, այն տրամաբանութեամբ, որ իշխանութեան տիրանալէ ետք, խոստումներով քուէներու տիրանալէ ետք, որ իրենք կրկին մոռցուած են, իրենց կողմէ իսկ ընտրուելէ ետք նորերը կրկին մոռցած են ժողովրդական դասերը: Եւ կը վերյայտնուի իշխանութիւն փոխելու ընթացքը, նոր յուզումներով, յանուն ժողովուրդին խօսողներու աղմուկով, անգիտանալով ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական ազդակներու ճնշումը:

            Բոլոր պարագաներու, հանրային կարծիքը միշտ հակուած է խորհելու, որ իշխանութիւնները ապականած կամ դատապարտուած են ապականելու: Մեկնելով այս ըմբռնումէն, ոմանք ճակատագրապաշտութեամբ կ’եզրակացնեն, որ իշխանութիւնը կը խաթարէ նորերը, ինչպէս խաթարած է հիները, որ ան ժողովուրդէն եւ իրականութենէն հեռացած է, անհաղորդ է: Իշխանութիւնը ինք, ընդդիմութիւնը կամ նոյնինքն ամբոխահաճութեան մէջ ընդգրկուած զանգուածը, կը խորհին, որ իրենք զոհերն են ստեղծուած իրադրութեան: Որպէս զոհ ներկայանալ ձախողութիւնները եւ անհատական սխալներն անգամ արդարացնելու ճիգը եւ հռետորաբանութիւնը ամբոխահաճական թափահարումներ են, յանցաւոր փնտռելու կամ զոհի շապիկ հագնելու:

            Ժամանակակից ընկերութիւններու ենթաքաղաքական ախտն է ամբոխահաճութիւնը:

            Ինչպէ՞ս ազատիլ այդ ախտէն:

            Կրկնութիւն պիտի ըլլայ թէեւ, բայց պէտք է ըսել, որ որակաւոր, «Տիրոջ Ձայն»-ը չհանդիսացող մտաւորականները պարտին լուսաբանել այնպէս, որ զանգուածները վարժուին ցորենը զատել որոմէն:

            Նաեւ՝ մեր ժողովուրդին համար, որ կը գտնուի իմաստուն Քոնտորսէի միտքի մախաղին մէջ:

            Այս կ’ըլլայ Ամանորի գեղեցիկ նուէր: