
Դաւիթ Ովասափեան՝ Ըմբշամարտի Բանակայիններու Աշխարհի Փոխ Ախոյեան
Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ ընթացող ըմբշամարտի բանակայիններու Աշխարհի առաջնութեան՝ Հայաստանի ներկայացուցիչ, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Դաւիթ Ովասափեան 130 քկ քաշային կարգի մէջ նուաճած է արծաթէ մետալ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armsport.am-էն։
Նախապէս յունահռոմէական ոճի մէջ ոսկէ մետալակիր դարձած էր Կարէն Ասլանեանը, իսկ ազատ ոճի մէջ՝ Արման Անդրիասեանը։
67 քկ քաշային Սամուէլ Աղաճանեանն ալ դարձած էր պրոնզէ մետալակիր։