Հայաստանի Մէջ Վեթերաններու Հիւանդանոց Կառուցելու Ծրագիրին Ի Նպաստ Հաւաքուեցաւ 425,000 Տոլար

Հայաստան, Սփիւռք

Ընտանիքի Օգնութեան հիմնադրամի տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Վեթերաններու օրը՝ 11 Նոյեմբերին, Grand Venue սրահին մէջ. անիկա նուիրուած էր հայրենիքի պահապաններուն եւ յատկապէս՝ Հայաստանի մէջ վեթերաններու հիւանդանոց մը կառուցելու ծրագիրին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։

Վեթերաններու հիւանդանոցը կառուցելու ծրագիրը իրականացնելու համար, Ընտանիքի Օգնութեան հիմնադրամը կը համագործակցի «Զինուորի Տուն» վերականգնողական կեդրոնին հետ։

11 Նոյեմբերի ձեռնարկը ի մի բերաւ հարիւրաւոր համակիրներ, որոնք կը զօրակցին այս ծրագիրին։ Անոնք վայելեցին կատարումները շարք մը յայտնի արուեստագէտներու, ինչպէս՝  Արմէնչիք, Արթուր Խաչենց, Ալինա Արուստամեան,  Լիլու, Արամ Այրումեան, Կարօ Այրումեան եւ Թաթա Սիմոնեան։

Նաեւ տեղի ունեցաւ շարք մը արուեստի գործերու, ներառեալ 44-օրեայ պատերազմի վեթերաններու ստեղծագործութիւններու եւ Շուշիի մէջ արտադրուած գորգի մը աճուրդը։

Ընտանիքի Օգնութեան հիմնադրամին դրամահաւաքի այս ձեռնարկին ընթացքին կարելի եղաւ գոյացնել 425,000 տոլար գումար մը։