Կոչ Կ՝ընենք Քաղաքական Ճնշում Իրականացնելու Ազրպէյճանի Բռնապետական Իշխանութիւններուն Վրայ. ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը հաղորդագրութիւն տարածած է Հայաստանի մէջ ստեղծուած պատերազմական իրադրութեան վերաբերեալ․

Նոյեմբեր 16-ին՝ ժամը 13:00-ի սահմաններուն, ազրպէյճանական զինուժի ստորաբաժանումները յարձակման անցած են Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանին ուղղութեամբ։ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը Մայիս 12-էն ներթափանցած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածք։

Այս յարձակումը ամենալարուածը եղած է 2020 թուականի Արցախեան պատերազմէն ետք։ Այս յարձակումները յստակ ցոյց կու տան, որ Ազրպէյճանը հաւատարիմ չէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան, եւ աշխոյժ կերպով ռազմական յարձակում կ՝իրականացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ։

Կոչ կ՝ընենք միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս ԵՄ-ին, օգտագործելու իրենց ունեցած բոլոր լծակները՝ Ազրպէյճանի բռնապետական իշխանութիւններուն վրայ քաղաքական ճնշում գործադրելու համար՝ յարգելու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը։

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակ