Մարտական Գործողութիւններուն Զոհուած է Մէկ Պայմանագրային Զինծառայող եւ Առեւանգուած՝ 12 Զինծառայող

Հայաստան

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է այսօր ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիին վրայ տեղի ունեցած մարտական գործողութիւններուն հետեւանքով զոհուած մէկ հայ զինծառայողի անուն՝ 1991թ. ծնած, պայմանագրային զինծառայող, շարքային Մերուժան Արթուրի Յարութիւնեան։ ՊՆ-ը կը յայտնէ, որ այս պահուն ճշտուած տուեալներ կան միայն մէկ զոհի մասին։ Վիրաւորներու թիւը նոյնպէս կը ճշտուի։ Եւս 12 զինծառայող առեւանգուած է։

«Երկիր»-ի տեղեկութիւններով՝ աւելի վաղ ՔՊ խմբակցութեան պատգամաւոր Էդուարդ Աղաջանեանը յայտնած էր, որ նախնական տուեալով հայկական կողմի զոհերուն թիւը 15 է։

ՊՆ հաղորդագրութեան համաձայն՝ հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք հակառակորդը ունի կենդանի ուժի մեծաթիւ կորուստ, քանի մը միաւոր զինամթերք ոչնչացուած կամ շարքէ դուրս բերուած են։ Հայկական կողմը նույնպես կորուստներ ունի։

Նշենք, որ ռուսական կողմին միջնորդութեամբ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ՝ ժամը 18։30-էն ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիին վրայ կրակը դադրեցուած է, իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայունացած է։ Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 16-ին, ժամը 13։00-ի սահմաններուն, Ազրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները յարձակում գործած են սահմանի տուեալ ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ։ Թշնամին կիրառած է նաեւ հրետանային միջոցներ, զրահամեքենաներ եւ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ։