
Ցուցարարները Կարմիր Քարտ Ցոյց Տուած Են Եռակողմ Համաձայնագիրը Ստորագրած Իշխանութեան
Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԺ-ի դիմաց ընթացող այսօրուան հանրահաւաքին ժամանակ՝ մասնակիցները կարմիր քարտ ցոյց տուած են 7 շրջանները յանձնելու եռակողմ համաձայնագիրը ստորագրած գործող իշխանութեան: Այս մասին կը հաղորդէ ԵՐԿԻՐ-ը։
Յիշեցնենք, որ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ անոր կառավարութեան ժամանակ տուած էին մինչեւ Դեկտեմբեր 8՝ ժամը 12:00, հրաժարական տալու։ Պայմանը այն էր, որ եթէ ան հրաժարական չի տայ՝ հանրապետութեան մէջ պիտի սկսին բողոքի եւ անհնազանդութեան ցոյցեր:
Այսօր, ցուցարարները որոշած էին հանրահաւաք ընել ԱԺ-ի դիմաց, քանի որ խորհրդարանին մէջ մեկնարկած էր ԱԺ-կառավարութիւն հարցուպատասխանը, որուն ներկայ էր նաեւ Նիկոլ Փաշինեանը։