
ՊԲ-ն Կը Շարունակէ Բոլոր Ուղղութիւններով Ձախողցնել Թշնամիին Գրոհները. Արցախի Նախագահ (տեսանիւթ)
Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ վստահօրէն կատարել իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը՝ բոլոր ուղղութիւններով ձախողցնելով թշնամիին գրոհները: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան:
«Պաշտպանութեան նախարար Ճալալ Յարութիւնեանի վստահ հրամանատարութեամբ մեր տղաները արդիւնաւէտ կերպով կ՝իրականացնեն Հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ առաքելութիւնը»,- գրած է ան: