Կառավարութիւնը Մօտ 278 Միլիոն Դրամ Կը Յատկացնէ Հակառակորդի Հրետակոծութենէն Տուժած Սահմանապահ Գիւղերուն

Հայաստան

ՀՀ կառավարութիւնը շուրջ 278 միլիոն դրամ յատկացուց Տաւուշի մարզի սահմանամերձ համայնքներուն մէջ ռմբակոծութենէն տուժած բնակիչներուն կրած վնասները վերացնելու, ինչպէս նաեւ հանրային դպրոցներու անվտանգութեան բարձրացման եւ բարեկարգման աշխատանքներու իրականացման համար: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` գործադիրի նիստի ժամանակ որոշման նախագիծը ներկայացուց Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեան:

«Սոյն որոշման նպատակն է աջակցիլ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ համայնքներու հրետակոծութենէն տուժած բնակիչներուն: Վնասուած անշարժ գոյք փոխհատուցման վերակառուցման համար նախնական գնահատականով անհրաժեշտ է առնուազն 302 միլիոն 618 հազար դրամ, որմէ 25 միլիոն դրամը ՀՀ կառավարութիւնը արդէն իսկ տրամադրած է: Այս որոշումով կը նախատեսուի տրամադրել եւս 277 միլիոն 617 հազար դրամ»,- ըսաւ Պապիկեան: