
«Թիկունքը՝ Մշակոյթ». Տաւուշը՝ Մշակութային Իրադարձութիւններու Կեդրոն
Տաւուշի սահմանամերձ համայքներու մէջ մեկնարկած են «Թիկունքը՝ մշակոյթ» խորագիրով շարք մը ձեռնարկներ:
Տաւուշի մարզպետարանի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ այս առիթով Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեան ընդունած է ԿԳՄՄ նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեանը, տիկնիկային թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչ Ռուբէն Բաբայեանը, դերասան Դաւիթ Յակոբեանը եւ արուեստի բնագաւառի այլ ներկայացուցիչներ:
Արա Խզմալեան խոստացած է, որ ամբողջ տարուան ընթացքին Տաւուշի մարզին մէջ մշակոյթի ներկայութիւնը ապահովուած պիտի ըլլայ:
«Մենք այս արշավէն ետք պէտք է աւելի լաւ մշակութային կեանք ունենանք»,- ըսած է Տաւուշի մարզպետը: