
Կարմիր Խաչը Կը Շարունակէ Աջակցիլ Արցախի Մէջ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարող Կառոյցներուն
Արցախի մէջ Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէն, շարունակելով իր առաքելութիւնը, կ՛աջակցի այն կառոյցներուն, որոնք կը պայքարին «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Արցախի տեղեկատուական շտապէն:

«Համավարակի կանխարգելման եւ վերահսկման նպատակով, Յուլիսի 8-22 երկարող ժամանակահատուածին, ԿԽՄԿ-ն 13 բուժհաստատութեան, ներառեալ՝ հիւանդանոցներուն, Համաճարակաբանութեան եւ առողջապահութեան կեդրոնին, շտապօգնութեան ծառայութեան, ինչպէս նաեւ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տրամադրած է ախտահանիչ եւ մաքրող նիւթեր, պաշտպանիչ հանդերձանք»,- կը յայտնեն շտապէն։
Համաճարակին բռնկումէն ի վեր Կարմիր Խաչը պարբերական կապի մէջ եղած է բոլոր կառոյցներուն հետ՝ վերջիններուս կարիքները գոյքագրելու եւ ըստ իրավիճակի բարդութեան արձագանգելու համար:
