Սպանացի Ծերակուտականը Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Եւ Արցախի Նկատմամբ Ազրպէյճանի Յարձակողապաշտութեան Գծով

Աշխարհ, Հայաստան

Սպանացի ծերակուտական Վիսենց Վիտալ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն դէմ, Թուրքիոյ օգնութեամբ, Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած գործողութիւններուն մասին հարցումներ ուղղած է Ծերակոյտին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին յայտնեցին Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն:

«Ի՞նչ տեղեկութիւններ ունի սպանական դիւանագիտութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն նկատմամբ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ՝ միջազգային համաձայնագիրներու խախտումով եւ Թուրքիոյ աջակցութեամբ կատարուած յարձակումին մասին»,- հարցադրման մէջ գրած է Վիտալ:

Twitter-ի իր էջին վրայ Վիտալ կը նշէ, որ անհանգստացած է Ազրպէյճանի յարձակումներէն, իսկ Արցախը Հայաստան է: