ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Հաղորդագրութիւնը` Հայաստան-Ատրպէյճան Սահմանին Վրայ Ատրպէյճանական Յարձակումին Վերաբերեալ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

Կիրակի, 12 Յուլիս 2020-ին, ատրպէյճանական ուժերը փորձեցին ու ձախողեցան Հայաստանի հիւսիս արեւելեան սահմաններ ներթափանցել. այդպիսով անոնք բռնութեան մագլցում կատարեցին եւ երկու կողմերէն 15 զինուորներու մահուան պատճառ դարձան: Ատրպէյճան նաեւ ռմբակոծեց հայկական չորս սահմանային գիւղեր ու քաղաքներ, մինչեւ իսկ հարուածելով գործարան մը, որ Հայաստանի մէջ «քորոնա»-ի համաճարակի դէմ պայքարելու համար դիմակներ կը պատրաստէր: Այսօր, եռօրեայ կռիւներէ ետք, սահմանային բախումները դադրած են:

Ատրպէյճանական իշխանութիւնները կը շարունակեն կացութիւնը մագլցումի մղելու իրենց յարձակողական քաղաքականութիւնը` հակառակ «ՔՈՐՈՆԱ»-ի համաճարակին ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անցեալ շաբթուան որոշումին` առնուազն 90 օրով համաշխարհային զինադադարի վերաբերող:

Թշնամական արարքները սկսան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ միջազգային միջնորդութիւնը, մասնաւորաբար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերն ու Հայաստանի հետ ընթացող բանակցային հոլովոյթը «անիմաստ» կոչելէն եւ Հայաստանին պատերազմով սպառնալէն ետք:

«Ատրպէյճանի ռազմատենչ ու նախայարձակ քաղաքականութեան բնոյթը կ՛ընդգծուի ոչ միայն անոր յայտարարութիւններով ու հայատեաց վերաբերումով, այլ նաեւ Թուրքիոյ հետ անոր ռազմավարական գործընկերութեան ճամբով: Ատրպէյճանական բանակին` Հայաստանի հանրապետութեան վրայ շղթայազերծած յարձակումին ամբողջական աջակցութիւն յայտնող Թուրքիոյ ղեկավարութեան հրապարակային յայտարարութիւնները իրողութիւնները կ՛աղաւաղեն եւ դատապարտելի են: Դժբախտաբար, թրքական իշխանութիւնները ոչ միայն կը շարունակեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը հերքել, այլ նաեւ կ՛ոտնահարեն Լիպիոյ, Իրաքի եւ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը, կը սպառնան արաբական աշխարհի ազգային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ բարձրաձայն ու գործնական կերպով կը քաջալերեն գերիշխան պետութեան մը վրայ զինուորական յարձակում մը եւ կը սպառնան Հայաստանի քաղաքացիներու ֆիզիքական ապահովութեան:

Ատրպէյճան նաեւ օգտագործեց իսրայէլեան արտադրութիւն եղող հարուածային անօդաչու սարքեր, որոնք վար առնուեցան հայկական հակաօդային պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ: Ատրպէյճանի Իսրայէլի հետ ռազմավարական գործընկերութիւնը բազմազան է եւ կը ներառէ պաշտպանութեան, երկրագործութեան, բարձր ճարտարագիտութեան, առողջապահութեան եւ զինուորական¬թեքնիք գործընկերութեան ոլորտները: Հարկ է ընդգծել, թէ Իսրայէլ Ատրպէյճանի քարիւղի գլխաւոր ու ռազմավարական յաճախորդներէն մէկն է: Նոյն ատեն, իսրայէլացի մասնագէտներ երկար տարիներէ ի վեր կը գործեն Ատրպէյճանի տարբեր մարզերուն մէջ:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը կը դատապարտէ Հայաստանի հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան այս ոտնահարումը եւ միջազգային ընտանիքին ու Արաբական աշխարհին կոչ կ՛ուղղէ` այս յարձակումին հեղինակ Ատրպէյճանը պատասխանատւութեան կանչելու եւ յստակ դարձնելու, թէ համաշխարհային ներկայ ճգնաժամի պայմաններուն մէջ բռնի ուժի կիրարկումը անհետեւանք պիտի չմնայ: