«Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկ» Հիմնադրամի Յայտարարութիւնը՝ Ս. Սոֆիայի Տաճարը Մզկիթի Վերածելու Վերաբերեալ
Հայոց Ցեղասպանութեան բաղադրիչներէն մէկը մշակութային ցեղասպանութիւնն է: Անիկա չսկսաւ ու չաւարտեցաւ 1915-1923 թթ., անիկա կը շարունակուի մինչ օրս:
Հարիւր տարի առաջ անիկա իր դրսեւորումը գտած է ինչպէս Արեւմտեան Հայաստանի, այնպէս ալ Օսմանեան Թուրքիոյ այլ հայաբնակ շրջաններու մէջ եւ իրականացուած է ոչ միայն հայերու, այլ նաեւ կայսրութեան քրիստոնեայ միւս ժողովուրդներու նկատմամբ:
Այն փաստը, որ հազարամեայ Կարսի Առաքելոց եկեղեցին, ինչպէս նաեւ տասնեակներով այլ քրիստոնէական եկեղեցիներ կը շարունակեն ձեւափոխուիլ մզկիթներու, այն իրողութեան վկայութիւնն է, որ մշակութային ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի:
Ատոր դրսեւորումներէն մէկը տասնեակ տարիներ շարունակուող գանձագողութեան մոլուցքն է, երբ քրիստոնէական հետքերու վերացման գործին` պետութեան թողտւութեամբ` կը լծուին շարքային քաղաքացիները եւ քրիստոնէութեան հետքերու ոչնչացումը ձեռք կը բերէ զանգուածային ու, ցաւօք սրտի, անդառնալի բնոյթ:
Քրիստոնէութեան հետքերը հանգիստ չեն տար թրքական պետութեան կառավարող շրջանակներուն ոչ միայն երկրի հեռաւոր արեւելքի մէջ, այլեւ նոյնինքն սրտին մէջ` բազմամիլիոն բնակչութիւն ունեցող, Եւրոպայի ու Ասիոյ խաչմերուկին վրայ գտնուող, համաշխարհային քաղաքակրթական արժէքներուն հետամուտ ըլլալուն յաւակնող Պոլսոյ մէջ: Ատոր վերջին վկայութիւնն է ներկայիս թանգարանի կարգավիճակ ունեցող, բայց եւ աշխարհի ուղղափառ քրիստոնէական ամենամեծ եկեղեցիներէն մէկը համարուող 1500-ամեայ Սուրբ Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելու Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի որոշումը:
«Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամը այդ որոշումը կը գնահատէ իբրեւ պետական մակարդակով իրականացուող մշակութային ցեղասպանութեան դրսեւորում: Ցեղասպանական իւրաքանչիւր գործողութիւն դատապարտելի է եւ պատասխանատուները ենթակայ են պատիժի, քանի որ ցեղասպանութիւն յանցագործութիւնը վաղեմութեան ժամկէտ չունի:
