
Թուրքիան Դարձեալ Ցոյց Կու տայ Իր Իրական Էութիւնը. ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Հաղորդագրութիւնը
Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահի որոշումով Կոստանդնուպոլսոյ Սուրբ Սոֆիա տաճարը (որ UNESCO-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած է իբրեւ թանգարան) մզկիթի վերածելու քայլը ցոյց կու տայ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն իրական էութիւնը: Հակառակ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն` թրքական իշխանութիւնը մէկ կողմէն կ՝անտեսէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները, միւս կողմէն պետական մակարդակով ցոյց կու տայ քաղաքակրթութիւնները արհեստականօրէն իրարու հակադրելու իր խիստ վտանգաւոր գործելաոճը:
Այս առումով՝ դատապարտելով թրքական իշխանութեան այդ քայլը, զայն կը դիտենք ոչ միայն յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ իրաւունքներուն դէմ առնուած քայլ, այլեւ այնպէս, որ կ՝ոտնակոխէ Թուրքիոյ փաստացի սահմաններուն մէջ բնակող ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներն ու ազգային-հոգեւոր զգացմունքները:
Պատահական չէ, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան օրէն ան շարունակած է ու կը շարունակէ իր հակահայ վանտալիստական քաղաքականութիւնը, որուն վկայութիւնն է նաեւ Թուրքիոյ այսօրուան փաստացի սահմաններուն մէջ, յատկապէս հայկական բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ գտնուող մշակութային ժառանգութեան քանդումը կամ ձեւախեղումը: Իսկ բացառիկ պարագային, երբ Թուրքիան վերանորոգած է հայկական յուշարձան` միջնադարեան ճարտարապետութեան հոյակերտ կոթողներէն Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցին, զայն վերածած է թանգարանի եւ արգիլած այնտեղ եկեղեցական արարողութիւններու իրականացումը:
Յատկանշական է, որ Սուրբ Սոֆիայի տաճարն ալ 75 տարի ունէր թանգարանի կարգավիճակ, սակայն զուտ քաղաքական որոշումով ստացաւ մզկիթի կարգավիճակ: Այս պարագային, Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին որեւէ կերպ ապահովագրուած չէ նման ճակատագրէ:
Աւելի՛ն, Թուրքիան այլամերժ քաղաքականութեան զուգահեռ, կը շարունակէ իր առաւելապաշտական նկրտումները, որ վերջին շրջանին կը դրսեւորուի հարեւան պետութիւններու տարածքներուն մէջ թրքական ապակայունացնող գործօնի աճով:
Թրքական ապակառուցողական քաղաքականութիւնը, որ լրջօրէն կը սպառնայ տարածաշրջանային կայունութեան, յատկապէս կը դրսեւորուի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ, որուն վկայութիւնը պարբերական բնոյթ կրող` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւններն են` շաղախուած հակա-Հայաստան եւ հակահայ մօտեցումներով: Իր այլատեաց քաղաքականութենէն ու քայլերէն միջազգային համայնքի ուշադրութիւնը շեղելու համար, Թուրքիան կը մեղադրէ Հայաստանը ու միջամուխ կ՝ըլլայ իրեն չվերաբերող այնպիսի հարցի մէջ, ինչպէս ղարաբաղեան հակամարտութիւնն է` խրախուսելով ատրպէյճանական զինուած ուժերու յարձակողականութիւնը Հայաստանի պետական սահմանին ուղղութեամբ: Այս առումով կ՝ընդգծենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման առաջին օրէն անոր նկատմամբ թշնամական դիրքորոշում որդեգրած Թուրքիան իրաւունք չունի «բարի վարուց» քարոզներ տալու Հայաստանին:
Առաւել, Թուրքիոյ խրախուսած ռազմական գործողութիւններու իրականացումը Ատրպէյճանի կողմէն, հաստատապէս կ՛ապակայունացնէ տարածաշրջանը եւ անկախատեսելի հետեւանքներ կրնայ ունենալ անկէ դուրս եւս:
Միջազգային հանրութիւնը թէեւ բացասական արձագանգեց Սուրբ Սոֆիայի կարգավիճակը փոխելու Թուրքիոյ քայլին, սակայն մեկնելով աշխարհաքաղաքական հաշուարկներէ` լուրջ, իսկապէս Թուրքիան զսպող քայլերու չի դիմեց` քրիստոնէական արժեհամակարգի մէջ առանձնակի կարեւորութիւն եւ խորհուրդ ունեցող յուշարձանի կարգավիճակի խեղումը կանխելու համար:
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը, համագործակցաբար աշխարհասփիւռ իր ցանցի եւ համախոհ գործընկերներու հետ, կը շարունակէ ուշադրութեամբ հետեւիլ Թուրքիոյ հակահայ ու այլատեաց քաղաքականութեան եւ անոր դիմակայելու համար յստակ քայլերի կը դիմի:
ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
15 Յուլիս, 2020