Տաւուշի Մէջ Անմիջական Աշխատանքներ Կ՝ընթանան Քաղաքացիական Բնակիչներուն Անվտանգութիւնը Ապահովելու Համար. ՀՀ ՊՆ-ի Հաղորդագրութիւնը

Հայաստան

ՀՀ ՊՆ-ը հաղորդագրութիւն տարածած է, որուն մէջ մասնաւորապէս նշուած է. «Երէկ՝ 24 ժամուան հրադադարէ ետք, ատրպէյճանցիները շարունակած են իրենց յարձակողական գործողութիւնները, որոնց մասին
յայտարարած էր Ատրպէյճանի նախագահը: ՀՀ ԶՈւ ստորաբաժանումներու, Տաւուշի սահմանագօտիին մէջ գտնուող «Անվախ» դիրքի ուղղութեամբ՝ կէս գիշերէն ետք՝ ատրպէյճանական ԶՈւ յատուկ ստորաբաժանումներու 100 զինծառայող հրետանիի կրակի աջակցութեամբ փորձած են յարձակիլ, բայց մեր դիրքի զինծառայողներու գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք ետ շպրտուած են՝ ձգելով զգալի կորուստներ, այդ ընթացքին կորսնցնելով նաեւ որոշակի զրահամեքենաներ: Առաւօտեան, Ատրպէյճանի ԶՈւ լրատուական ծառայութիւնը արդէն ընդունեց իրենց կորուստները:

Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը՝ գործողութեան տապալումէն ետք՝ սկսած են հրետանակոծել Տաւուշի գիւղերը: ՀՀ ՊՆ-ն կը հերքէ առաւօտեան ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու տարածած յայտարարութիւնը, թէ իբր հայկական զինուած ուժերը կիրառած են ԱԹՍ-ներ, որոնք իրենք խոցած են:

Տաւուշի սահմանապահ գիւղերու ռմբակոծութիւններուն հիմնական թիրախ եղած են Այգեպար, Կարմիրաղբիւր, Չինարի, Մովսէս, Տաւուշ համայնքները եւ Բերդ քաղաքը։ Բարեբախտաբար քաղաքացիական բնակչութեան շրջանէն զոհեր եւ վիրաւորներ չունինք: Մեր բնակավայրերուն մէջ վնասուած են տասէ աւելի առանձնատուներ, ինչպէս նաեւ որոշ ենթակառուցուածքներ: Վնասուած է ջրագիծ՝ Տաւուշ-Ներքին Կարմիրաղբիւր հատուածին մէջ, որուն վերականգնման աշխատանքները ընթացքի մէջ են։

Վաղ առաւօտեան զօրաշարժի ենթարկուած են մարզի քաղպաշտպանութեան բոլոր խումբերը, եւ անմիջական աշխատանքներ կ՝ընթանան բոլոր ուղղութիւններով՝ քաղաքացիական բնակիչներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար։ Վաղ առաւօտեան ստեղծուած է հրետակոծուած բնակավայրերու, շինութիւններու գնահատման, գոյքագրման յանձնաժողով, որ ամենօրեայ տեղեկատւութիւն պէտք է տայ վնասներու չափի եւ ծաւալներու վերաբերեալ։ Այն բնակարանները, որոնց վերականգնումը նպատակայարմար չըլլայ, պիտի կառուցուին նորերը»: