Ատրպէյճանի Թշնամական Գործողութիւնները Պիտի Ստանան Համարժէք Պատասխան. ՀՀ ԱԳՆ Խօսնակ

Հայաստան

ՀՀ քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած Ատրպէյճանի թշնամական գործողութիւնները պիտի ստանան համարժէք պատասխան, որուն ողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ ատրպէյճանական կողմը: «Արմենփրեսե»-ի հաղորդմամբ` այս մասին ըսած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Աննա Նաղդալեան` մեկնաբանելով Ատրպէյճանի ԶՈՒ կողմէ Բերդ քաղաքի հրետանակոծման փաստը:

«Ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ իր թշնամական գործողութիւնները հայ-ատրպէյճանական սահմանին` դիտաւորեալ թիրախաւորելով քաղաքացիական ենթակառուցուածքներն ու բնակչութիւնը եւ ընդլայնելով լարուածութեան աշխարհագրութիւնը: Այսօր հարուածային ԱԹՍ-ի միջոցով հրետանակոծման ենթարկուած է Բերդ քաղաքի քաղաքացիական ենթակառուցուածքները»,-գրած է Նաղդալեան:

Ան շեշտած է, որ ՀՀ քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած այս թշնամական գործողութիւնները պիտի ստանան իրենց համարժէք պատասխանը, որուն ողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ ատրպէյճանական կողմը: