Արմատական Տեղաշարժեր Չկան, Բայց Լաւատեսութիւնը Կը Մնայ. Զախարովա՝ Արցախի Տագնապին Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի տագնապի բանակցային գործընթացին մէջ արմատական տեղաշարժեր չկան: Այս մասին, իր շաբաթական ելոյթին ընթացքին, յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական խօսնակ Մարիա Զախարովա:

«Մենք հանդէս կու գանք այդ ձգձգուող, երկարատեւ ճգնաժամի բանակցային ճամբով քաղաքական լուծման օգտին: Եւ պիտի ընենք ամէն բան՝ իբրեւ դրացի պետութիւն, իբրեւ երկիր, որուն հետ կը միաւորէ երկարատեւ բարեկամութեան, փոխգործակցութեան եւ համագործակցութեան պատմութիւնը այդ երկիրներուն հետ, որպէսզի բերենք մեր կառուցողական ներդրումը»,- յայտնեց Զախարովա:

Ան նաեւ ընդգծեց Ռուսիոյ դերը՝ իբրեւ համանախագահ, որ կը մասնակցի Մինսկի խումբի աշխատանքներուն:

«Հակառակ անոր որ որեւէ արմատական տեղաշարժեր չկան, բայց կրնամ հաստատել, որ լաւատեսութիւն մը կայ»,- շեշտեց Զախարովա։