Մէկ Ամիսէն Հայաստանի Մէջ Պիտի Սկսի «Քալաշնիքով” Հրացաններու Արտադրութիւնը

Հայաստան

Յուլիսի առաջին տասնօրեակին Հայաստանի մէջ պիտի բացուի «Քալաշնիքով” հրացաններ արտադրող գործարանը:

Այս մասին InfoPort.am կայքին յայտնած է ձեռնարկութեան ղեկավար կազմի ներկայացուցիչ Իկոր Կարտիենքոն:

Գործարանը հիմնուած է «Նեյթրոն Կամ» եւ ռուսական «Քալաշնիքով» ընկերութիւններու համագործակցութեան պայմանագրի հիման վրայ:

 Սկզբնական շրջանին ռազմարդիւնաբերական գործարանին մէջ պիտի կատարուի АK103 տեսակի հրացաններու հաւաքումը։  Հրացանի մասերը պիտի բերուին Ռուսիայէն եւ ձեռնարկութեան արտադրամասերուն մէջ պիտի հաւաքուին զերոյէն: