
Հայաստանի Մէջ Քորոնա Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 102-ի
Հայաստանի մէջ Քորոնա ժահրով վարակման հաստատուած դէպքերու թիւը հասաւ 102-ի: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին «Շանթ» հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Այս պահուն արդէն ունինք 102 դէպք»,- ըսած է Փաշինեան:
Վարչապետին խօսքով` վարակուածներուն 75 տոկոսը վարակուած են երկու աղբիւրէ` Էջմիածինէն եւ արտադրամասէն: