
Աշխարհի Մէջ Քորոնա ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Մօտենայ 120 Հազարին, Մահացած է 4,3 Հազար Մարդ, Բուժուած` 66,5 Հազարը
Աշխարհի մէջ նոր տեսակի Քորոնա ժահրով վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 120 հազարին, մահացածներունը` 4,3 հազարին, ապաքինուած է 66,5 հազար մարդ:
Եւրոմիութիւնը համաճարակի դէմ պայքարի համար 25 միլիառ եուրոյի ներդրումային հիմնադրամ կը ստեղծէ:
Ամենածանր իրավիճակը ներկայիս Իտալիոյ մէջ է: Այստեղ վերջին մէկ օրուան ընթացքին 168 մարդ մահացած է, վարակի զոհերու ընդհանուր թիւը հասած է 631-ի: Իտալիոյ մէջ աւելի քան 10 հազար մարդ հիւանդ է, 877-ի վիճակը ծանր է:
Վարակակիրներու թիւի աճ կը նկատուի նաեւ Սպանիոյ մէջ, ուր անոնց թիւը հասած է 1695-ի, 36 մարդ մահացած է:
Ֆրանսայի մէջ 1784 մարդ վարակուած է, մահացած է 33-ը: Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն քաղաքացիներուն յորդորած է իրատես ըլլալ եւ նախազգուշացուցած է, որ համաճարակը նոր կը սկսի:
Մեծ Բրիտանիոյ մէջ վարակուած է առողջապահութեան նախարարը: Ընդհանուր առմամբ երկրին մէջ արձանագրուած է հիւանդութեան 382 դէպք, մահացած է 6 մարդ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ վարակի հետ կապուած` դեմոկրատները չեղարկած են իրենց հանդիպումները ընտրողներու հետ:
Հայաստանի մէջ, յիշեցնենք, Քորոնա ժահրով վարակուած մէկ պարագայ կայ։