
Թշնամիին Գնդակէն Պայմանագրային Զինուոր Մը Զոհուած է
Հարաւարեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած ՊՆ N զօրամասի պահպանութեան շրջանի մարտական դիրքի ուղղութեամբ Մարտ 10-ին մօտ ժամը 15:30-ին թշնամիին կողմէ արձակուած կրակոցներէն մահացու հրազէնային վնասուածք ստացած է պայմանագրային զինծառայող, շարքային Զոհրապ Գրիգորիի Սիանոսեան (1984-ի ծնունդ, Արարատի զ/կ):
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, դէպքի հանգամանքները պարզելու նպատակով կը կատարուի քննութիւն: