Հակառակորդի Կրակոցէն Պայմանագրային Զինծառայող Մը Զոհուած է

Uncategorized

Հարաւարեւմտեան հատուածին վրայ տեղակայուած ՊՆ N զօրամասի պահպանութեան շրջանի մարտական դիրքին ուղղութեամբ, Մարտ 10-ին, ժամը 15:30-ի սահմաններուն, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցին հետեւանքով զոհուած է պայմանագրային զինծառայող, շարքային Զոհրապ Գրիգորի Սիանոսեան (1994-ի ծնունդ)։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ դէպքին հանգամանքները պարզելու նպատակով կը կատարուի քննութիւն:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ Զոհրապ Սիանոսեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: