
Արցախի Աստղաշէն Գիւղը Նորակառոյց Մանկապարտէզ Ունի
Արցախի կառավարութեան ֆինանսաւորմամբ` Ասկերանի շրջանի Աստղաշէն գիւղին մէջ կառուցուած է «Աստղիկ» մանկապարտէզը, որուն պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ մօտ օրերս:
Ըստ «Արցախփրես»-ին՝ այս մասին ըսած է Աստղաշէնի համայնքի ղեկավար Արթուր Գրիգորեանը:
Անոր խօսքով` մինչ օրս գիւղի մէջ մանկապարտէզ չկար, որ լուրջ խնդիր էր:
Մէկյարկանի մանկապարտէզի շէնքի շինարարական աշխատանքները սկսած էին 2018-ին. ան նախատեսուած է շուրջ 30 երեխայի համար, որ կը բաւարարէ գիւղի պահանջները:
«Մանկապարտէզը կառուցուած է ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխան. ան ամբողջովին կահաւորուած է, յարմարաւէտ է եւ գեղեցիկ: Համոզուած եմ, որ այս հաստատութիւնը իր կարեւոր դերակատարութիւնը պիտի ունենայ մատաղ սերունդի դաստիարակութեան եւ կրթութեան գործին մէջ, ինչպէս նաեւ կը թեթեւցնէ ծնողներուն հոգը»,-մանրամասնած է համայնքի ղեկավարը: