
ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատի Պատգամաւոր Ճուտի Չու Կոչ Կ՝ընէ 10 Միլիոն Տոլարի Օգնութիւն Յատկացնելու Արցախին (տեսանիւթ)
ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի պատգամաւոր Ճուտի Չու կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներուն 10 միլիոն տոլար տրամադրելու Արցախին եւ դէմ արտայայտուած է Արցախի մէջ ականազերծման օգնութիւնը դադրեցնելու Պետական բաժանմունքի ջանքերուն՝ ներկայացնելով իր ապացոյցները Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յատկացումներու ենթայանձնաժողովին, որ 2021 ելեւմտական տարուան համար կը պատրաստէ արտասահմանեան օգնութեան մասին օրինագիծը: Այս մասին կը հաղորդէ Armradio.am-ը։
«Քանի որ մնացած է առնուազն 1,7 միլիոն քառակուսի մեթր տարածք, USAID-ը փաստօրէն կը դադրի սատարելու այս ծրագիրին՝ գրեթէ առանց պատճառի»,- ըսած է Չու:
Ան շարունակած է բացատրել,- «Այս խնդրանքը 10 միլիոն ԱՄՆ տոլարի համար, համեմատած Ատրպէյճանին ցուցաբերուող անվտանգութեան աջակցութեան տեսքով 100 միլիոն տոլարի հետ, կը խամրի, այնպէս որ կրնանք վստահ ըլլալ, որ նիւթական դժուարութիւնները այստեղ խոչընդոտ չեն հանդիսանար: Եւ անիմաստ է ձգել ծրագիրը, որ, USAID-ի գնահատականով, յաջող էր, մինչդեռ մաքրելու համար այդքան շատ տարածք մնացած է:
«Եթէ մենք անկեղծօրէն հաւատարիմ ըլլանք խաղաղութեան, ուստի պէտք է աջակցինք 10 միլիոն տոլար արժողութեամբ այս խնդրանքին, որ թոյլ պիտի տայ կատարելու աշխատանքը եւ հեռացնելու ականները, որոնք ամէն օր կը սպառնան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղ բնակիչներու կեանքին»,- եզրափակած է Չու: