Արարատի Մարզին Մէջ Պիտի Կազմակերպուի Ծիրանի Փառատօն

Հայաստան

ՀՀ Արարատի մարզին մէջ 2020-ին մեծ շուքով պիտի նշուի ծիրանի փառատօնը: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին լրագրողներուն յայտնեց Արարատի մարզպետ Գարիկ Սարգսեան:

«Ծիրանը Հայաստանի մէջ ամենէն առաջ կը հասուննայ Արմաշի եւ Սուրէնաւանի հատուածին մէջ, այդ իսկ պատճառով այս տարի կը նախատեսենք մեծ շուքով ծիրանի փառատօն կազմակերպել: Աշնան ալ պիտի նշենք բերքի տօնը» ,- տեղեկացուց Արարատի մարզպետը:

Անդրադառնալով մարզի հիւրատներու եւ հիւրանոցներու ոլորտին` մարզպետը շեշտեց, որ այս պահին մարզին մէջ չկան հիւրանոցներ:

«Զբօսաշրջիկները հիմնականօրէն մեր մարզին մէջ չեն գիշերեր, քանի որ Երեւանին շատ մօտ կը  գտնուինք: Մեր մարզին մէջ կանգառ կը կատարեն միայն Խոր Վիրապի եւ Նորավանքի մէջ»,- նկատել տուաւ ան:

Անոր խօսքով, այստեղ հարց կայ` մարզի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը յաւուր պատշաճի ներկայացնելու, ինչպէս Դուին հնավայրը, Արտաշատ մայրաքաղաքը եւ այլ պատմական վայրեր:

Սարգսեան հաւաստիացուց, որ մարզին մէջ եղած բոլոր խնդիրները յառաջիկայ տարիներուն պիտի լուծեն, որպէսզի այդ վայրերն աւելի հասանելի ըլլան զբօսաշրջիկներուն: