
Հայաստանը Մասնագէտ Ուղարկած է Թեհրան՝ Երեւան Վերադարձողներուն Ինքնազգացողութիւնը Ստուգելու Նպատակով
Իրանի մէջ քորոնա ժահրի տարածման հետ կապուած՝ Հայաստանը մասնագէտ ուղարկած է Թեհրան՝ օդային ճանապարհով Երեւան վերադարձողներուն ինքնազգացողութիւնը օդանաւ նստելու ժամանակ ստուգելու, պատշաճ հսկողական քայլեր իրականացնելու նպատակով: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտարարած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:
«Երէկ ուժի մէջ մտած Իրան-Հայաստան սահմանային հատումները սահմանափակող կառավարութեան որոշման համաձայն` Մեղրիի անցակէտէն եկող բոլոր բեռնատարները կը տեղաշարժուին ՀՀ տարածք մեր մասնագէտներու եւ ոստիկանութեան ուղեկցութեամբ: Իրանի քաղաքացի վարորդներու նկատմամբ կը սահմանուի հսկողութիւն Հայաստանի ողջ տարածքին, նաեւ ՊԵԿ մաքսային պահեստներուն մէջ, մինչեւ անոնց վերադառնալը: Հայաստանի քաղաքացի վարորդներու նկատմամբ կը սահմանուի հսկողութիւն` ըստ անոնց բնակութեան վայրի:
Այսօր Իրանէն օդանաւով վերադարձող ուղեւորներուն նկատմամբ հսկողութիւնը պատշաճ իրականացնելու համար՝ իմ յանձնարարութեամբ ՀՀ ԱՆ Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի մասնագէտը մեկնած է Թեհրան: Ուղեւորներու օդանաւ նստելու ժամանակ ան տեղւոյն վրայ պիտի ստուգէ վերջիններուս ինքնազգացողութիւնը, պիտի հրահանգաւորէ անոնց պաշտպանիչ միջոցներու օգտագործման մասին եւ մեզի տեղեկատւութիւն պիտի փոխանցէ, որպէսզի Երեւանի մէջ պատշաճ հսկողական ձեռնարկներ իրականացուին: Գանգատներու բացակայութեան պարագային ուղեւորներուն հանդէպ պիտի սահմանուի տնային հսկողութիւն, իսկ գանգատ ունեցողները պիտի ենթարկուին փորձաքննութեան` անհրաժեշտ պարագային հիւանդանոց տարուին:
Օդակայանին մէջ, յանձնարարութեանս համաձայն, աշխատանքները կը համակարգէ իմ տեղակալ Շաւարշ Գրիգորեանը»,- տեղեկացուցած է նախարար Թորոսեանը: