Զոհրապ Մնացականեան Հանդիպած է Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

Ժընեւի մէջ, Փետրուար 25-ին, տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիգոս Տենտիասի հետ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:

Գործընկերները անդրադարձած են հայ-յունական բարեկամական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերու: Նախարար Մնացականեան նշած է, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ եղբայրական Յունաստանի հետ հաստատուած ջերմ յարաբերութիւնները՝ հիմնուած դարերէ եկող պատմական կապերու եւ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան վրայ:

Արտաքին գործոց նախարարները վերահաստատած են երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը խորացնելուն ուղղուած համատեղ նախաձեռնութիւններով հադէս գալու պատրաստակամութիւնը՝ ընդգծելով, որ անցեալ տարի հաստատուած Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ ձեւաչափը կու գայ համալրելու երկկողմ օրակարգը: Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են եռակողմ ձեւաչափի ծիրէն ներս 2020 Ապրիլին Երեւանի մէջ կայանալիք առաջին գագաթնաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ:

Դրական գնահատելով Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ քաղաքական երկխօսութեան ներկայ մակարդակը՝ արտաքին գործոց նախարարները շեշտած են բարձրաստիճան փոխայցելութիւններուն եւ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններուն միջեւ քաղաքական խորհրդակցութիւններուն նոր լիցք հաղորդելու կարեւորութիւնը:

ԱԳ նախարարներ Մնացականեան եւ Տենտիաս մտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերու, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն շուրջ: