Հայերը Կը Տնօրինեն Ռուսիոյ, Ամերիկայի եւ Եւրոպայի ԶԼՄ-ներն ու Այլ Որորտները. Էրտողանի Խորհրդական

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի՝ անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով ներկայացուցիչ Իսմայիլ Սաֆին, ատրպէյճանական APA գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու ցանկը հետզհետէ կ՝աւելնայ եւ տեղեկատուական դաշտի մէջ թրքական քարոզչութիւնը այդքան ալ լաւ վիճակի մէջ չէ:

Երէկ Թուրքիոյ նախագահը պաշտօնական այցով Ատրպէյճան կը գտնուէր: Համատեղ ասուլիսի ընթացքին ստեղծուած էր այնպիսի տպաւորութիւն, որ Էրտողանի այցին միակ նպատակը Արցախի վերաբերեալ հերթական կեղծ յայտարարութիւնները տարածելն էր։ Այս մասին կը յայտնէ Yerkir.am-ը:

Սաֆին նոյնպէս չէ զլացած «Արցախը Ատրպէյճանի հող» յայտարարելու եւ անդրադարձած է ատրպէյճանական կեղծ քարոզչամեքենայի հերթական սուտին՝ այսպէս կոչուած «Խոջալուի ցեղասպանութեան»:

«Հայերը կը բռնագրաւեն եղբայրարական Ատրպէյճանի հողերը եւ յետոյ կոտորած կը կազմակերպեն Խոջալուի մէջ: Եւ անկէ ետք անոնք ճիշդ են, իսկ մենք՝ ո՞չ: Այնպիսի տպաւորութիւն կը ստեղծեն, որ իրենք դաժան չեն, ճնշուած են: Այս ամէնը ստեղծուած է անոնց քարոզչութեան միջոցով: Ռուսիոյ, Ամերիկայի եւ Եւրոպայի ԶԼՄ-ներն ու այլ ոլորտները իրենց ձեռքն են: Անոնք նոյնիսկ ի վիճակի են ազդելու մեր ԶԼՄ-ներուն, մեր ժողովուրդին վրայ: Անոնք կ՝աշխատին օր ու գիշեր ամբողջ աշխարհի տարածքին»,- յայտարարած է Սաֆի, որ հաւանաբար «մոռցած է» Սուրիոյ մէջ իր երկրի դաժանութիւններն ու «եղբայրական Ատրպէյճան»ի կողմէ քնացած մարդու կացինահարումը, մահացած զինուորներու գլուխ կտրելը եւ ծերերու խոշտանգումը:

Իսկ այն, որ սփիւռքահայ կառոյցները՝ յանձինս տարբեր երկիրներու մէջ գործող Հայ Դատի գրասենեակներուն, անդադար եւ ջանասիրաբար կ՝աշխատին ի շահ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի հարցի արդարացի կարգաւորման, աներկբայ է: