Ջալալ Յարութիւնեանը Նշանակուած է Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Հրամանատար

Uncategorized, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն` Զօրավար Կարէն Աբրահամեանը ազատուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար–պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնէն:

Նախագահ Սահակեանի ստորագրած մէկ այլ հրամանագիրով` զօրավար Ջալալ Յարութիւնեանը նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար–պաշտպանութեան բանակի հրամանատար` ազատուելով Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի առաջին տեղակալ-շտաբի պետի պաշտօնէն: