Այսօր Կը Սկսի Մեծ Պահքը

Այլեւայլ, Հայաստան

Այսօր, Փետրուար 24-ին Հայ առաքելական եկեղեցին, կը սկսի Մեծ Պահքի շրջանը, որ կը տեւէ 48 օր` Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Ս. Յարութեան (Զատկի) տօն:

Պահքի շրջանին կ՝օգտագործի բացառապէս բուսական ծագում ունեցող սննդամթերք՝ հրաժարելով ոչ միայն որոշ կերակուրներէ, այլեւ մոլի սովորութիւններէ, շատախօսութենէ, ստախօսութենէ, հայհոյանքէ եւ այլ մեղքերէ: Կերակուրէն հրաժարիլը՝ առանց մեղքերէն ետ կանգնելու` անօգուտ է:

Մեծ Պահքը ունի եօթը Կիրակի, եօթը յիշարժան օր. Բուն Բարեկենդան, Արտաքսում, Անառակի, Տնտեսի, Դատաւորի, Գալստեան եւ Ծաղկազարդ:

Պահքի 40 օրը կը խորհրդանշէ անապատին մէջ Քրիստոսի քառասնօրեայ աղօթքի, ծոմապահութեան եւ ապաշխարութեան շրջանը: