
Ատրպէյճանի Կրակոցէն Հայ Զինուոր Մը Վիրաւորուած է
Փետրուար 23-ին ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումներու մարտական դիրքերու ուղղութեամբ, որու հետեւանքով հայ զինուոր մը վիրաւորուած է: Այդ մասին ֆէյսպուքի իր էջին վրայ յայտնած է ՊՆ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:
«Վիրաւորումը թեթեւ է, անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար: Հայկական Զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու պատասխան կրակէն ետք ադրբեջանական կրակը դադրած է»,- կը գրէ Յովհաննիսեան: