
Ալեքսանդր Քանանեան Դադրեցուց Հացադուլը՝ Պայքարի Առաջին Փուլը Աւարտած Նկատելով
Քարվաճառի բնակիչ Ալեքսանդր Քանանեան յայտարարեց, որ պիտի դադրեցնէ հացադուլը, որուն ձեռնարկած էր՝ մերժելով ջրաելեկտրակայաններու կառուցումը։ Այս մասին կը հաղորդէ Lragir.am-ը։
«Ուրախ եմ տեղեկացնելու բոլորիդ, որ Քարվաճառի մէջ՝ տարածքի կայուն համապարփակ վերաբնակեցումն ու զարգացումը խաթարող եւ բնապահպանական աղէտալի վիճակ ստեղծող փոքր ՀԵԿ-աշինութեան կասեցման ուղղութեամբ պայքարի առաջին փուլը աւարտոած է։ Ստեղծուած է ներկայացուցչական յանձնաժողով, որ պէտք է քննէ գործող ՓՀԵԿ-երու նախագծման եւ շահագործման համապատասխանութիւնը օրէնսդրութեան եւ բնապահպանական չափորոշիչներուն։ Կիսակառոյց ՓՀԵԿ-երը ենթակայ են ուսումնասիրութեան՝ անոնց արտօնութեան բնապահպանական պահանջներուն եւ օրէնսդրութեան համապատասխանութեան տեսանկիւնէն։
«Վերոնշեալը ինծի թոյլ կու տայ կայացնելու ՀԱՑԱԴՈՒԼԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ որոշումը եւ ըլլալու իր իրաւունքներու համար քաղաքացիական կամք դրսեւորած հայրենակիցներուս կողքին։
«Նորակազմ յանձնաժողովին կը մաղթեմ յաջողութիւն, կամք եւ վճռականութիւն՝ ազգի եւ սեփական խղճի առջեւ պատշաճ եւ պատասխանատու կերպով աշխատանքները ծաւալելու եւ անհարկի միջամտութիւններէն զերծ մնալու համար։ Բոլորս կ՝ապաւինինք ձեր խոհեմութեան ու բարեխղճութեան եւ աչալրջօրէն կը հետեւինք, որ յանձնաժողովը չշեղի իր մասնագիտական պարտաւորութիւններու շրջանակէն»,- նշուած է Facebook-ի անոր գրութեան մէջ։
Ալեքսանդր Քանանեան վերահաստատեց, որ Քարվաճառի բնակչութեան պաշտպանած, իր ձեւակերպած եւ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան հրամայականէն բխող բոլոր պահանջները ամբողջութեամբ ուժի մէջ են եւ չեն փոխուած։ Քարվաճառի մէջ ոչ մէկ նոր ջրելեկտրակայան պիտի կառուցուի, իսկ կառուցման փուլին մէջ գտնուողները պիտի կազմաքանդուին։
«Այս պահանջէն երբեք նահանջ պիտի չըլլայ։ 2019 Դեկտեմբեր 1-ի դրութեամբ՝ գործող ՓՀԵԿ-երը պիտի ենթարկուին խստագոյն վերահսկողութեան եւ առկայ օրէնսդրական պահանջներուն։ Իմ յորդորը կը յղեմ Քաշաթաղի եւ ողջ Արցախի բնակչութեան՝ քարվաճառցիներուն պէս դրսեւորելու քաղաքացիական կամք եւ հասունութիւն, որպէսզի այլուր եւս համապարփակաբար քննուին ՓՀԵԿ-աշինութեան յարուցած ծանր խնդիրները եւ անոնց լուծման արդիւնաւէտ ուղիները։
«Այսուհետեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անքակտելի բաղկացուցիչ մաս կազմող Արցախի ելեկտրահամակարգը պէտք է զարգանայ պատասխանատու եւ համալիր ռազմավարութեան հիման վրայ, որ պիտի բացառէ լեռնային գօտիներու վերածումը հումքային կցորդի, այլ ներդաշնակաբար պիտի նպաստէ այդ տարածքներու լիակատար բնակեցման եւ կայուն, վերընթաց տնտեսական զարգացման»,- կը գրէ Ալեքսանդր Քանանեան։
Ան իր շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց պայքարի այս առաջին փուլին քարվաճառցիներուն աջակցած եւ անոնց միացած բոլոր հայրենակիցներուն, յատկապէս իրեն զօրակցած հացադուլ կատարող Մհեր Պօղոսեանին, զոր եւս յորդորեց հացադուլէն դուրս գալ եւ լծուիլ այս եւ այլ հարցերու լուծման։